Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, վեհաժողովին մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավար Ռընէ Ռուքէ Քեսապի հարցին վերաբերեալ նամակով մը դիմած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսին:

Ան իր նամակին մէջ գրած է.«21 Մարտին սահմանային Քեսապ գիւղի սուրիացի զինեալներու կողմէ գրաւումը ոչ միայն քաղաքացիական պատերազմի հիմնական պահերէն է…այլ նաեւ մարդկային աղէտի մեկնարկային ազդանշանի փաստ:
«Դժբախտաբար զինուորական այս գործողութիւնը պարզապէս սուրիացի զինեալներու եւ ապստամբներու կողմէ չէ իրականացուած, այլ ժիհատական խմբաւորումներու՝ յատկապէս Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումին կողմէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Քայիտայի ճիւղերէն է եւ հիմնականին մէջ կազմուած թուրքմեններէ: «…Ժիհատականներու՝ շրջանի հայ բնակչութեան դէմ ցեղային զտումներու ցանկութիւնը իրական է (…) Այս գործողութեան մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ բանակի լռելեայն մասնակցութեան փաստը անհերքելի է՝ հաշուի առնելով, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները Քեսապի դէմ յարձակումէն օրեր առաջ հաստատուած էին Թուրքիոյ մէջ: «Սուրիոյ մէջ բոլոր ձեւերով հայկական ներկայութեան վերացման ցանկութիւնը իրական կը թուի՝ հաշուի առնելով, որ վերջերս Հալէպի մէջ աւերուեցաւ Զուարթնոց եկեղեցին, իսկ Քեսապի գրեթէ ամբողջ անշարժ գոյքը՝ տուները եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ թալանուած են ժիհատականներու կողմէ՝ 22 Մարտի յարձակումին ընթացքին:
«Մեր երկիրը միշտ փորձած է պաշտպանել եւ պահպանել քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը Արեւելքի մէջ, ուստի մենք պէտք է միջամտենք՝ պաշտպանելու քաղաքայինները, որոնք զգալիօրէն կը տուժեն յարձակումին հետեւանքներէն, որ գլխաւորած են Ժապհաթ Նուսրայի ժիհատականները: Փաստացի Սուրիոյ ամբողջ 15 հազար հայերու 5 հազարը՝ Քեսապէն, որոնք ապաստանած են Լաթաքիոյ մէջ եւ 10 հազարը՝ Հալէպէն, որոնք կ՛ենթարկուին կանոնաւոր ռմբակոծման, ներկայիս չունին որեւէ ներուժ եւ պէտք է ապաւինին օտարերկրեայ մարդասիրական օժանդակութեան, որպէսզի ապրին (…)
«Մեր երկիրը այսուհետեւ պէտք է աւելի շատ ներգրաւուած ըլլայ միջազգային մեծ ֆինանսաւորում տրամադրելու հարցին մէջ, որ պէտք է կոչուած ըլլայ օգնելու Սուրիոյ հայ համայնքին՝ պահպանելու այս շրջանին մէջ հայկական դարաւոր ներկայութիւնը»: