Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Քրտական ժողովուրդի քոնկրեսը(ՔՈՆԿՐԱ-ՃԵԼ) հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց քեսապահայութեան ահաբեկման արարքը եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին:

Քոնկրեսը հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշէ.«Խորապէս մտահոգ ենք Սուրիոյ Քեսապ շրջանին մէջ հայերուն դէմ ահաբեկչական յարձակումներէն: Միշտ ալ անոնց ցաւը, տառապանքը եւ գտնուած նուրբ վիճակը բաժնեկցած ենք: Ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք հայ ժողովուրդին եւ թիրախ դարձած բոլոր համայնքներուն, ներառեալ՝ ալեւիներուն»:
Քրտական ժողովուրդի քոնկրեսը Թուրքիոյ քրտական շրջանի եւ քրտական սփիւռքի գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները ներառող համախմբում մըն է: Քոնկրեսը եւ Քրտական համայնքներու միութիւնը միլիոնաւոր համակիրներ ունին, շարք մը զինեալ թեւեր եւ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ 103 քաղաքապետութեանց կը տիրեն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 36 երեսփոխաններ ունին:
Քրտական ժողովուրդի քոնկրեսը նաեւ ուժեղ քոյր կազմակերպութիւններ ունի, ինչպէս՝ Սուրիոյ քրտական շրջանին մէջ Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը, որոնք ժիհատական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ առօրեայ ճակատումի մէջ են»: