Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեզ, Ներկայացուցիչներու պալատի նոյն յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս Ապրիլ 9-ին ներկայ գտնուեցան Քափիթոլ Հիլի մէջ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառման:

Տարեկան այս ձեռնարկին, առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած էր մասնակցելու եւ ելոյթով հանդէս գալու թուրք մտաւորական, ակտիվիստ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու:
Իր խօսքին մէջ Զարաքօլու կոչ ուղղեց ԱՄՆ-ին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերջ դնել Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան: «Անխօս Միացեալ Նահանգները Թուրքիայի լաւ ընկերն է, սակայն եթէ իրական ընկեր է, պէտք է այլ կերպ գործէ: Պէտք է աջակցի Թուրքիայի ժողովրդավարութեան, իսկ Թուրքիայի մէջ իրական ժողովրդավարութեան հնարաւոր է հասնիլ՝ առերեսուելով պատմութեան՝ մեր պատմութեան, 1915 թուականի իրականութեան»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ ան։
«Մենք շատ գոհ ենք, որ Ռակըպ Զարաքօլուի խիզախ խօսքը այս երեկոյ լսելի դարձաւ ԱՄՆ Քոնկրեսի դահլիճէն ներս» ըսաւ ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը։