ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Ապրիլ 10ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 5ի դէմ 12 քուէով վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպա-նութեան ճանաչումը պահանջող նոր բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Ծերակոյտին՝ ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան զոհերը: