Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մտահոգութիւն յայտնած է Քեսապի վերաբերեալ տարածուած լուրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող մահապատիժներու սարսափելի տեսարաններուն առնչութեամբ:

«Հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ը չի կըրնար ստուգել հաղորդուող վայրագութիւններու իսկութիւնը, սակայն մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ աճող բռնութիւնները անհերքելիօրէն կը շարունակուին, եւ ամբողջ գիւղերու բնակիչներ, ինչպէս՝ օրինակ, Քեսապի մէջ, ստիպուած կ՛ըլլան փախչիլ», ըսուած է ՄԱԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ:
Պան Քի Մուն կը նշէ, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը կը շարունակեն ամբողջ թաղամասեր աւերել ու մտահոգութիւն կը յայտնէ նաեւ, որ կազմակերպութեան կողմէ ահաբեկչական նկատուած խմբաւորումները կը շարունակեն վայրագաբար յարձակիլ քաղաքային բնակչութեան վրայ: