Սիտնիի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց կազմակերպուեցաւ ցոյց մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 1000 հայորդիներ:
Ցուցարարները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով քեսապահայութեան՝ թրքական հիւպատոսարանին դիմաց բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր՝ «Քաշեցէ՛ք ձեր ձեռքերը Քեսապէն», «Թուրքիան մեղաւոր է…»:
Ցոյցը կազմակերպած է Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ կառոյցին կողմէ: Ելոյթով հանդէս եկած է ներկայացուցիչ Արամ Թուֆենկեանը: