Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Զոհերուն Մէջ Հայեր Չկան

Հալէպի մէջ նախանցեալ օր դարձեալ ռումբեր տեղացին, խառնակ վիճակ ստեղծելով: Այս մասին կը հաղորդեն «Եռագոյն» կայքէջը եւ Բերիոյ թեմի լրատուական էջը, յստակացնելով թէ մարդկային զոհեր կան, սակայն բարեբախտաբար անոնց մէջ հայեր չկան։

Այս խառնակ վիճակը նկատի առնելով Հալէպի Ազգային վարժարանները երէկ Ապրիլ 8-ին փակ մնացին անվտանգութեան համար:
Ինչպէս կը մանրամասնուի Ապրիլ 7ի յետմիջօրէին, աւելի քան 40 հրասանդեր եւ հրթիռներ ինկան քաղաքին մէջ, իսկ աւելի քան 5 հատ հայահոծ շրջաններ՝ Սուլէյմանիէ, Աուժեթ Ժըպ եւ Վենեզուելլա փողոցներու շէնքերու տանիքները:
Հրասանդերու եւ հրթիռներու այթումներու պատճառով շրջանի բնակիչները ահ ու սարսափի մատնուեցան: Արձանագրուեցան բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ, որ նիւթական մեծ ծախսերու կը նայի:
Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն Հալէպի մէջ սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներուն միջեւ տեղի կ՛ունենան ծանր բախումներ, մէկ կողմէ երբ հրասանդի հրթիռներ կ՛արձակուին հայկական թաղամասերու եւ յատկապէս ծայրամասերը, իսկ միւս կողմէ անդադար կը լսուին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ահեղ ձայներ: