Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Որպէս Եւրոպական Միութեան նախագահող երկիր՝ Յունաստանի գլխաւոր հիւպատոս Թէոտորոս Պիզաքիսի հետ հանդիպում մը ունեցած է Սան-Փեթերզպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը։

ՀՀ հիւպատոսի խնդրանքով տեղի ունեցած հանդիպման նիւթն են Քեսապի դէմ յարձակումներու իրավիճակի քննարկումը։
Հրայր Կարապետեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ ԱՊՀ Միջխորհրդարանական Վեհաժողովի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ալեքսէյ Սերգէեւի եւ ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի պատասխանատու քարտուղար Փիոթր Ռյաբուխինի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին Հրայր Կարապետեանը կողմերուն ներկայացուցած է Սուրիոյ Քեսապ բնակավայրի մէջ ծանօթ դէպքերուն ուղղութեամբ ՀՀ նախագահի ուղերձը եւ տեղեկացուցած է թէ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ ահաբեկչական խումբերու գործողութիւններու հետեւանքով Քեսապ բնակող շուրջ 670 ընտանիք ստիպուած եղած են լքել իրենց պատմական բնակավայրերը, թալանի ենթարկուած են անոնց տուները եւ պղծուած են եկեղեցիները: Փաստօրէն պատմութեան մէջ երրորդ անգամն է որ տուեալ տարածքէն ներս տեղի կþունենան ազգային զտումներ, որու անմիջական պատասխանատուն Թուրքիան է:
Հանդիպման ընթացքին Հրայր Կարապետեանի զրուցակիցները նշած են թէ իրենք եւս մտահոգ են Սուրիոյ մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններու ընթացքէն եւ հայկական կողմի տագնապը կիսելով այդ մասին հանգամալից կերպով կը ներկայացնեն տեղեկատուութիւնը իրենց երկիրներուն եւ կազմակերպութիւններուն։