Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հելլէն մամուլը իր աղբիւրը քաղելով Ռոյթըրզ լրատու հաստատութենէն կը հաղորդէ, թէ Ռուսաստանը սկսած է Ատրպէյճանին փոխանցել հրետանային թնդանօթներ եւ հրթիռարձակիչներ, որ կ'արժեն 1 միլիառ ամերիկեան տոլար: 

Այս լուրը հաղորդեց Մոսկուայէն զինուորական աղբիւր մը, դիտել տալով թէ նախկին սովետական հանրապետութիւնը (Ատրպէյճանը) կ'ամրապնդէ իր ռազմական պատրաստուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Նաֆթի եւ կազի արտադրութեամբ ինքզինքը պարտադրած Ատրպէյճանը սաստիկ մեծ գումարներ կը ծախսէ, սպառնալիքներ ուղղելով Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ: Այսուհանդերձ յայտնի է թէ այս մրզավազքը կը կատարուի Հոկտեմբերին կայանալիք Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն ի տես, ուր նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերընտրութեան հարց կը դիմագրաւէ:
Մոսկուայէն Պաքուի տրամադրուած զինամթերքը կ'ընդգրկէ 2011ին եւ 2012ին ստորագրուած համաձայնագիրներու որոշումներ՝ 100 T-90C տանկերու, Սմերչ եւ TOS-1A հրթիռարձակիչներու եւ Msta-A թնդանօթներու բաժիններ։
Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրը ըսած է թէ հրաման եկած էր «սպասելու որոշ ժամանակ եւ խուսափելու անհանգստացուցիչ քայլեր առնելէ, որ Հարաւային Կովկասի ռազմական հաւասարակշռութիւնը կը խախտեն» ինչպէս նաեւ թէ «Ռուսաստան Հայաստանի մէջ ռազմակայան կը պահէ ու համաձայնագիրներ կնքած է երկիրը պաշտպանելու մասին: Այսուհանդերձ Ռուսիոյ զէնքի արտադրութեան հզօր դաշտը յառաջ տարած է ծրագիրը»: Այս հարցի մասին Ռոյթըրզ հարցում ուղղած է Rosoboronexport ընկերութեան, բայց ստացած է՝ «առանց մեկնաբանութեան» պատասխանը...
Յօդուածը կը մէջբերէ քաղաքական եւ պաշտպանական վերլուծաբաններու կարծիքը, որոնք վստահութիւն կը յայտնեն թէ Ատրպէյճան որեւէ անմիջական ցանկութիւն չունի պատերազմ սկսելու, բայց նշելի է նաեւ վերջին տարիներուն իր ռազմական ծախսերու յաւելումը, որ կը հասնի 3.7 միլիառ տոլարի, այս տարուան համար: