Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թուրքիոյ մէջ երէկ Կիրակի օր տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։

Այս ընտրութիւնները փորձաքար էին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած իշխող «Արդարություն եւ զարգացում» կուսակցութեան համար, մանաւանդ վերջին շրջանին համացանցի միջոցաւ բացայայտուած խօսակցութիւններու եւ գայթակղութիւններու ազդեցութեան տակ, ու կառավարութեան կողմէ Թուիթըր եւ Եութուպ կայքէջերու արգիլման որոշումէն ետք։

Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 6 քաղաքական կուսակցութիւններ՝ փորձելով ստանալ 52 միլիոն ընտրողներու քուէները։
Ըստ նախնական տուեալներուն, վարչապետ Էրտողանի կուսակցութիւնը յստակ առաջընթաց արձանագրած է ընդդիմութեան հանդէպ։