Ըստ «Արապիա»ի՝ Իրանի ուժանիւթի նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Իրան 2025ին պիտի դառնայ բնական կազ ներածող երկիրներու շարքին մեծագոյնը:
Նախարարութեան հետազօտական բաժնի ղեկավար Համիտ Քաթուզիան Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին նշած է, որ Իրան աշխարհի կազի ամենէն հարուստ պաշարներէն մէկը ունի, սակայն անցեալ տասնամեակին ընթացքին այդ պաշարներու արդիւնահանման ու մշակման աշխատանքները զգալի կերպով դանդաղած էին։
Յամենայնդէպս, հետագայ ժամանակաշրջանին մէջ, կապոյտ վառելանիւթին նկատմամբ բնակչութեան ու արդիւնաբերութեան պահանջը լուրջ աճ արձանագրած է, ուստի պետութեան կանխատեսումները այս ծրագրի յաւելեալ աշխուժացման միտուած են։