Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ հայկական Քեսապի դէմ շղթայազերծուած յարձակման մասին տարբեր երկիրներու մօտ համատարած աշխատանք կը տարուի հայկական գաղութներու եւ Հայ Դատի Յանձնախումբերու կողմէ
Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Երիտասարդական Նոր Սերունդը այսօր Երկուշաբթի 31 Մարտի երեկոյեան, բողոքի ժողովրդային հաւաք կը կազմակերպէ Փարիզի թրքական դեսպանատան առջեւ:
Յղուած են նաեւ նամակներ ֆրանսական մամուլին եւ քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութեանց: Նաեւ գրաւոր պահանջք ներկայացուած է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին եւ Ծերակոյտի իւրաքանչիւր անդամի:
Նման ցոյցեր, բողոքի նամակներ, մամլոյ ասուլիսներ, քաղաքական շրջանակներու հետ հանդիպումներ ընթացքի մէջ են բոլոր գաղութներէն ներս։
Հայաստանի մօտ Եւրամիութեան դեսպանը անընդունելի կը նկատէ Քեսապի հայերուն դէմ գրոհները
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Եւրոպական միութիւնը տեղեակ պահած է Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին, որոնց առնչութեամբ իր պաշտօնական տեսակէտը արտայայտած է միութիւնը։
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի մօտ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայեան Հրիսթէան ըսած է: «Մենք արդէն Պրիւքսէլի փոխանցած ենք մեր ուղերձը եւ հետամուտ պիտի ըլլանք գիտնալու, թէ անոնք ինչպէս պիտի անդրադառնան այս հարցին։ Մեր պատգամը յստակ է՝ բացարձակապէս անընդունելի են Քեսապի հայ քաղաքացիներուն դէմ եղած գրոհները»։
«Քեսապահայերի Խնդիրը Կառավարութեան Ուշադրութեան
Կեդրոնում Է». Վարչապետ Սարգսեան
Կառավարութեան նիստին մէջ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան խօսած է Քեսապահայութեան մասին, աւելցնելով, որ կառավարութիւնը քայլերու կը ձեռնարկէ մեր հայրենակիցներուն հոգերը թեթեւցնելու համար:
Վարչապետը յատկանշականօրէն ըսած է «Ես ուզում եմ մեր քաղաքցիներին տեղեկացնել, որ քեսապահայերի խնդիրը մեր ուշադրութեան կենտրոնում է»:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կþառաջարկէ ՄԱԿ-ին Ապազինել
Քեսապի Շրջանը
Անցեալ շաբաթավերջին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին հեռաձայնեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր‘ քարտուղար՝ Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը:
ՄԱԿի պաշտօնակատարը Վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապէն ներս ստեղծուած ապահովական կացութեամբ, աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ տագնապին գծով, ՄԱԿ-ի եւ արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Պրահիմիի հետ, ինչպէս նաեւ տեսակցած է ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ:
Վեհափառ հայրապետը պարզելէ ետք Ֆելթմանին Քեսապէն ներս տիրող կացութիւնը, այդ գծով շեշտեց թրքական գործօնին դերակատարութիւնը: Արամ Ա. Վեհափառը առաջարկեց, որ ՄԱԿի կողմէ քննուին Քեսապի շրջանը ապազինելու կարելիութիւնները:
Ֆելթման շինիչ գտաւ Վեհափառին առաջարկը եւ խոստացաւ այս ուղղութեամբ Լախտար Պրահիմիի հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները ունենալ: