Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հանդիպում Սուրիոյ Նախագահին Հետ

Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ՝ Սամուէլ Ֆարմանեան, Արման Սահակեան, Նայիրա Կարապետեան, Թեւան Պօղոսեան, Էդմոն Մարուքեան եւ Լեւոն Մարտիրոսեան այցելած են Սուրիա:

Նշենք, որ Հայաստան վերադառնալէ ետք անոնք Ազգային ժողովին պիտի ներկայացնեն տիրող իրավիճակը:
Ինչպէս հաղորդուեցաւ երէկ, պատուիրակութիւնը Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի եւ երկրի բարձրագոյն իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներու՝ Ազգային Ժողովի նախագահի ու վարչապետի հետ։
Երկու օր Սուրիա գտնուող հայ պատգամաւորներէն Արման Սահակեանը «Ազատութիւն» կայանին փոխանցած է թէ Ասատի հետ հանդիպումը անցած է ջերմ, դրական մթլոնորտի մէջ, քննարկուած են Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակը, քեսապահայութեան խնդիրները։ Սահակեանը փոխանցած է, թէ Ասատը վստահեցուցած է թե իրենք ամէն ինչ կ'ընեն, որպէսզի Քեսապի շրջանը ետ վերցնեն ու հայութիւնը ապահով՝ ետ ուղարկեն։
Սահակեանը նաեւ պատմած է մէկ օր առաջ Լաթաքիա կատարած իրենց այցելութեան մասին, ուր ինչպէս ծանօթ է Քեսապէն շուրջ 600 ընտանիքներ այնտեղ հանգրուանած են՝ պատսպարուելով հայոց առաջնորդարանի շէնքի ու դպրոցներու մէջ։
Իրենց հետ զրոյցները անգամ մը եւս հաստատեցին Թուրքիոյ կողմէ Քեսապի վրայ յարձակման գործին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեան մասին լուրերը։
«Խօսել ենք հայերի հետ, որոնք, հասկա- նալով վտանգը Թուրքիայից, գիշերները սահմանին պահակութիւն են արել, կամաւորականների ջոկատ- ները: Շատ լաւ նկարագրեցին հայ գիւղացիները, թէ ինչպէս այդ գիշերը թուրք սահմանապահները յանկարծ կորան եւ... զրահատեխնիկայով յարձակւեցին հայկական գիւղերի վրայ: Մեր հայրենակիցների պատմութիւններից այնպիսի տպաւորութիւն է, որ տեղափոխուել ենք 2015 թիւ», - փոխանցեց Սահակեանը:
Նշենք, թէ հայկական պատուիրակութեան անդամներուն ընդունած են Սուրիոյ խորհրդարանի Լաթաքիոյ ե- րեսփոխաններ, Լաթաքիոյ նահանգապետի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան: Ընդունելութենէն ետք պատգամաւորները ուղղուած են Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցած են Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հոգեւոր հայրերուն հետ, ինչպէս նաեւ Քեսապէն Լաթաքիա ապաստանած գաղթական քեսապահայութեան հետ: Հայրենի խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի սապար կանգնի քեսապահայութեան:
Միւս կողմէ, նշենք, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի նիստի յայտարարութիւններուն ատեն իր դժգոհութիւնը յայտնեց Սուրիա մեկնած պատգամաւորական պատուիրակութեան կազմէն: Ան նշեց, որ ուրախ է, որ Սուրիա գացած են խումբ մը պատգամաւորներ, սակայն ուրախ չէ անոր համար, որ Սուրիա գացած է միակուսակցական ձեւաչափով պատուիրակութիւն մը:
«Փառք Աստուծոյ, Հայաստանի խորհրդարանը միակուսակցական չէ, եւ շատ աւելի ճշգրիտ ու ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ պատուիրակութեան կազմին մաս կազմէին նաեւ այլ քաղաքական խմբակցութիւններէ ներկայացուցիչներ: Քաղաքական մեծամասնութիւնը անընդհատ կը խօսի երկխօսութեան կարեւորութեան մասին, սակայն անտեսել միւս կուսակցութիւնները, կը կարծեմ՝ ճիշդ չէ: Ճիշդ հասկցէք, մենք խնդիր չունինք, քանի որ Դաշնակցութիւնը նաեւ Սուրիոյ մէջ կը փորձէ պաշտպանել հայութեան այդ հատուածի գոյապահպանման խնդիրները, սակայն այսպիսի աշխատաոճ մեզի համար ընդունելի չէ», շեշտած է Աղուան Վարդանեան:
Իր կարգին Սուրիա մեկնած պատուիրակութեան անդամներէն ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեանը «Դիմատետրի» իր էջին մէջ գրած է:
«Մենք երախտապարտ ենք բարեկամ սիրիացի ժողովրդին` պատմութեան ամենածանր պահերին` մեր քոյրերի ու եղբայրների կողքին լինելու համար, ում համար Սիրիան իրենց տունն է եւ հայրենիքը, եւ յուսով ենք, որ քաղաքական համազգային երկխօսութեամբ հնարաւոր կը լինի հասնել խաղաղութեան եւ կեանքը տեղափոխել բնականոն հուն»,- գրած է ան:
Սուրիոյ Լաթաքիա շրջանին մէջ քեսապահայութեան հետ հանդիպած ԱԺ պատգամաւորները կիսուած են հանդիպման մասին որոշ մանրամասնութիւններով, նշելով թէ ՀՀ նախագահի յայտարարութեան մասին քեսապահայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը արդէն տեղեակ է, ինչպէս նաեւ այն մասին, որ միջազգային բոլոր ատեաններու վրայ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները ձայն կը բարձրացնեն՝ քեսապահայութեան հետ տեղի ունեցածը դիտարկելով իբրեւ մարդու իրաւունքներու, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու զանգուածային խախտում: