Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Բացարձակ յոռետեսութեամբ արտայայտուեցաւ ՄԱԿի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ յանձնակատար Լախտար Պրահիմի, խօսելով Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ Ասատի եւ իսլամիստ ապստամբներու միջեւ բանակցային գործընթացի հեռանկարի մասին:

Լախտար Պրահիմի Քուվէյթի մէջ լրագրողներուն խօսելով, կտրուկ մերժեց Ժընեւի գագաթնաժողովի գումարման ծրագիրը, դիտել տալով, թէ ներկայ պահուն պայմանները չեն պատճառաբաներ բանակցութեանց վերսկսում: Ան աւելցուց թէ Սուրիա այցելելու ծրագիր չկայ մօտ ատենէն, մինչ աւելի քան մէկ ամիս է որ աւարտած է բանակցութիւններու երկրորդ փուլը: