ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ - Հայ եւ յոյն աշակերտներ հրդեհէ փրկեցին ծերունի մը
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ թէ Երկուշաբթի, Մարտ 17ի առաւօտեան, դադարի մը ընթացքին, նախաճաշի մը համար դպրոցէն առանց արտօնութեան դուրս եկած երեք աշակերտներ՝ Կարէն Կեցոյեան, Քիրիլ Եանթքով եւ Փիթըր Քրավարիոթիս, հերոսական արարքի մը դիմած են՝ այրող բնակարանէ մը փրկելով 94ամեայ ծերունի մը:
Անոնք իրենց ճամբուն վրայ տեսած են 76ամեայ դրացի մը, որ կը փորձէր կրակը մարել: Ան տեղեկացուցած է, թէ ծերունի մը կայ այրող տան մէջ, բայց ինք չէ կրցած մուտքի դուռէն ներս մտնել՝ սաստիկ ծուխին պատճառով: Տղաքը արագօրէն ցանկապատէն ներս ցատկած են ու ետեւի դուռէն մուտք գործելով՝ հակառակ տեսողութիւնը դժուարացնող ծուխին՝ կրցած են միասնաբար դուրս բերել մոխիրով ծածկուած ծերունին եւ անոր շունը: Հրշէջները աւելի ուշ հասնելով՝ կրցած են մարել կրակը: Տղոց վարժարանին տնօրէնը դրուատած է անոնց հերոսական արարքը, սակայն չէ մոռցած անոնց չորսժամեայ կամաւոր աշխատանքի պատիժ մը սահմանել՝ դասէն ուշացած ըլլալնուն համար:
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ - Սումկայիթի զոհերու հոգեհանգիստ
Մոնթեվիտէոյի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարաքի, ՀՅԴ Վռամեան Կոմիտէի խնդրանքով, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ազերիներու կողմէ Սումկայիթ քաղաքի հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ իրագործուած եւ նախապէս ծրագրուած կոտորածներու 26-րդ տարելիցին առթիւ։
Արարողութենէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ շրջաբակը գտնուող Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Յուշարձանին մօտ, հաւաքուած ներկաները իրենց յարգանքը մատուցեցին, որու ընթացքին խօսք առաւ մեր գաղութի առաջնորդ սրբազան հայրը:
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ
ԶԱԳԳԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ուրբաթ 21 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Գերմանիոյ մէջ վախճանեցաւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Նորին Սրբութիւն Զագգա Գ.: Արամ Ա. Կաթողիկոս անմիջապէս կապի մէջ մտաւ նոյն եկեղեցւոյ Սինոդի ընդհանուր քարտուղար արք. Ժորժ Սալիպայի հետ եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ: