Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Առաջին օրերու լռութենէն յետոյ՝ Թուրքիոյ մէջ նոյնիսկ սկսան հնչել կարծիքներ, թէ Քեսապի վրայ «Ալ Քայտա»ի ահաբեկիչներու յարձակումը կազմակերպած էր Թուրքիան, ու յատկապէս՝ Էրտողանի կառավարութիւնն ու կուսակցութիւնը։ 

Ներքին խնդիրներ յարուցած է այս կարծիքներու հրապարակումը, որ կը դատապարտէ սուրիական օդանաւին դէմ հարուածը եւ «Ալ Քայտա»ի յարձակումները՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ վարչապետը հայրենիքի դաւաճաններ անուանելով։
Ի պատասխան, “Սոլ պորտալ” (որ կը նշանակէ “Ձախակողմյան պորտալ”) լրատուական կայքը տեսանիւթ մը տեղադրած է, ուր յստակ կ'երեւին “Ալ Նուսրա” խմբաւորման մարտիկները, որոնք Սուրիա անցնելու համար Թուրքիոյ սահմանին վրայ որեւէ արգելքի չեն հանդիպած, թէեւ այդ հատուածները թրքական բանակի խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուին։ Անոնք կ'անցնին սահմանէն եւ առանց որեւէ արգելքի կը հասնին 50-60 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քեսապի սահմանակէտ:


Բռնարարգներու եւ վնասներու մասին տեղեկատուութիւն

Քեսապ միշտ ալ խաղաղ աւան մը եղած է, ու անոր բնակիչները խաղաղասէր եղած են: Անոնք իրենց օրապահիկը կ'ապահովէին հողագործութեամբ, եւ թեթեւ զբօսաշրջիկութեան գործերով:
Քաղաքին մէջ զինուորական կեդրոնատեղիներ կամ նման անձնական կեդրոններ չկան, այդ բոլորը ծայրամասերուն վրայ կը գտնուին, հետեւաբար արդարացուցիչ պատճառներ չկան ժողովուրդը իրենց խաղաղ տուներէն տեղահանելու մասին:
Եղածը յստակօրէն կը նպատակադրէ՝ չարդարացուած պատճառներով շրջանը իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկելու մտադրութիւնը, ուր կը փաստուի Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։