Անցեալ Ուրբաթ առաւօտեան, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ բնակավայրը եւ շրջակայքը: Յարձակողները ներխուժեցին Թուրքիոյ տարածքէն: Յարձակման թիրախը սկզբնապէս կազմեց Քեսապի մաս կազմող Սեւ աղբիւր գիւղը, որու շրջակայ բարձունքները գրաւուեցան:
Սուրիական բանակը փորձեց ետ մղել գրոհայինները: Բախումները շարունակուեցան: Այս ընթացքին բնակչութիւնը Սեւ աղբյուրէն եւ վտանգի ենթակայ այլ տարածքներէ հեռացաւ աւելի ապահով վայրեր: Սուրիական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ծանր բախումներ տեղի ունեցան:
Նշենք, որ ընդդիմադիր զինեալներ ամիսներէ ի վեր համախմբուած էին նշեալ գօտիին վրայ, անոնք Իտլիպէն, Ժապել Զաուիյէէն եւ այլ շրջաններէն հեռացած էին: «Բերիոյ Նիուզ» նշեց, որ ներթափանցած արձակազէնները կը կրակեն բնակավայրերուն վրայ:
Սուրիական զօրքը թէեւ այդ շրջանին մէջ ներկայութիւն էր սակայն ոչ բաւարար թիւով: Երէկ սակայն անմիջապէս սուրիական բանակի յաւելեալ ջոկատներ հասած են շրջան: Միւս կողմէ, բանակը Պասիթի Ճանապարհը փակած է յանուն բնակչութեան ապահովութեան:
Սուրիական զօրքը արդէն կը շարունակէ ընդդիմադիր զինեալներու կարեւոր կէտերը հարուածել եւ կը պաշտպանէ աւանը՝ նահանջի մղելով ընդդիմադիրները:
Երէկ երեկոյեան Լաթաքիոյ շտապէն «Ազդակ»-ին հաղորդեցին, որ Քեսապի հայ բնակչութիւնը գրեթէ պարպուած է շրջանէն: Քեսապի հայերուն մեծամասնութիւնը ապաստանած են Լաթաքիոյ իրենց հարազատներուն մօտ կամ քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ բակը: Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցներ, հայկական միութիւններ եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար՝ անոնց բաժնելով ուտելիք եւ ծածկոցներ:
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական պաշտօնական լուրեր երէկ երեկոյեան հաստատեցին, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային կէտերէն ներթափանցում կատարուած է թրքական տարածքէն դէպի Լաթաքիոյ արուարձանը:
Հալէպի մէջ հայ աշակերտ մը վիրաւորուեցաւ
Հալեպի հայաշատ թաղամասերը անցնող շաբաթավեր- ջին հրասանդներու թիրախ դարձան: Նոր Գյուղ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռներու պայթիւնէն հայ երեխայ մը վիրաւորուեցաւ:
Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուց Հալէպի մէկ աղբիւրը՝ աւելցնելով, որ վիրաւորը 9-րդ դասարանի աշակերտ Խաչիկ Գաբրիէլեանն է: Երեխայի վիճակը կայուն է, իր կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Թրքական Ուժերը Վար Առին Սուրիական Օդանաւ Մը
Թրքական հակաօդային ուժերը երէկ վար առին սուրիական ռմբաձիգ մը, որ կը հարուածէր Քեսապի շրջանին մէջ ընդդիմադիր զինեալներու դիրքեր: Սուրիական բանակը հակադարձեց ռմբակոծելով Ելտաղըի մէջ զինեալներու կեդրոնները: Ըստ թրքական կողմին, սուրիական օդանաւը Թուրքիոյ օդային տարածքը բռնաբարած էր: Թուրքիա զգուշացուց Սուրիան, որ բուռն կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ իր օդային տարածքը բռնաբարուի: