Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՈՒՇ ԳԻՇԵՐԻՆ ԿԱՅՑԵԼԷ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ առաւօտեան զինեալ ուժերու թրքական սահմանէն Քեսապ ներթափանցումի առաջին իսկ ժամերէն սկսեալ, Արամ Ա. կաթողիկոս մօտէն հետեւեցաւ ստեղծուած կացութեան։ Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը մնայուն կերպով կապեր հաստատեց Հալէպի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի եւ Լիբանանի հոգեւոր, համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ անոնց հետ։

Շաբաթ գիշեր ուշ ժամուն վեհափառ հօր այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը։ Հանդիպման ներկայ եղան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։ Սուրիոյ դեսպանը յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահին կողմէ իրեն պարտականութիւն տրուած է անմիջապէս այցելելու վեհափառ հայրապետին իրեն վստահեցնելու, թէ Սուրիոյ պետութիւնն ու բանակը իրենց կարելին պիտի ընեն վերահաստատելու շրջանի խաղաղութիւնը։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին դեսպանը յայտնեց, որ յստակ տուեալներու համաձայն, Թուրքիան ո՛չ միայն քաջալերած է զինեալներու մուտքը Քեսապ, այլ նաեւ անոնց տրամադրած է ծանր զէնքեր եւ դիւրացուցած անոնց յառաջխաղացքը։ Ան յայտնեց, որ սուրիական բանակը թէեւ զոհեր տուած է, սակայն կրցած է լայն չափով ետ մղել զինեալ ուժերու թափանցումները։ Շարունակելով իր խօսքը՝ դեսպանը ըսաւ, որ նախագահը եւ Սուրիոյ պետութիւնը խոր յարգանք ունին հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ սուրիահպատակ հայերը կը նկատեն հաւատարիմ քաղաքացիներ սուրիական հայրենիքին, հետեւաբար անոնց պաշտպանութիւնը պետութեան աւագ պարտաւորութիւնն է։

Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ինք մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ անցուդարձերուն, եւ ո՛չ միայն Սուրիոյ հայերով, այլեւ ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդի ու Սուրիոյ բոլոր շրջաններու ապահովութեամբ մտահոգ է։ Խօսելով Քեսապի մասին՝ վեհափառը ըսաւ, որ Քեսապը խորհրդանշական իմաստ մը ունի մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: