Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Վստահաբար անհաւատալի պիտի նկատէին շատեր նման լուր մը, այսուհանդերձ լուսանկարները ինքնին խօսուն են, ցոյց տալով թուրք իմամ մը որ Քուրանը կ'ընթերցէ Յիսուս Քրիստոսի սրբանկարին տակ:

Ըստ թրքական Աքշամ թերթի հաղորդումին, Ամասիայի շրջանի Կումուշքաչքոյ գիւղաքաղաքի մզկիթին մէջ, ոչ տեղացի իմամը ոչ ալ մահմետական հաւատացեալները որեւէ անհանգստութիւն կը զգան, իրենց հաւատքը արտայայտելով Յիսուս Քրիստոսի սրբանկարին տակ:
Ինչպէս կը գրէ թերթը, Ամասիոյ շրջանը ժամանակին քրիստոնեայ ուղղափառ ժողովուրդի բնակութեան վայր էր: Հոն կ'ապրէին թաքուն քրիստոնեաներ, որոնք գաղթեցին հետագային դէպի Յունաստան կամ Ռուսաստան. թերթը ենթադրել կուտայ թէ ոմանք դեռ կ'ապրին Պոնտոսի շրջանէն ներս:
Յայտնի է թէ տեղացի մահմետականները չեն ուզած փճացնել առաքեալներով շրջապատուած Քրիստոսի սրբանկարը (որ ի յայտ եկած էր երկրաշարժէ մը ետք), հակառակ որ մահմետական հաւատքին մէջ մեծ մեղք կը նկատուի դէմքերու նկարազարդումը:
Եկեղեցին կառուցուած է 1800 թուականին, երբ աւելի քան 100.000 յոյներ կը բնակէին Ամասիա, եւ 300է աւելի եկեղեցիներ կը գործէին: