Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA) նախաձեռնութեամբ՝ սկիզբ առած է կովկասեան երկիրներու զբօսաշրջութեան զարգացման նուիրուած միջոցառումներու շարք մը:

Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրանդ Պօղոսեանը Հայաստանի պատմութիւնը եւ մշակոյթը ներկայացնող զեկոյց մը ներկայացուցած է ճափոնական մօտ երկու տասնեակ զբօսաշրջական գործակալութիւններու ներկայացուցիչներուն համար:
Ցուցահանդէսին բացուած է հայկական տաղաւար, ուր այցելուները կը ծանօթանան Հայաստանի տեսարժան վայրերուն, կը համտեսեն հայկական ճաշատեսակներ եւ խմիչք: Ցուցադրուած է «Նոյի երկիր՝ Հայաստան» վաճերագրական ֆիլմը: