Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

2014թ. Մարտ 9-ին «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ կայացաւ Վրաստանի հայ համայնքի հանդիպումը ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի աւագ խորհրդական Վլադիմիր Շկոլնիկովի հետ:

Հանդիպման նիւթը Վրաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ոլորտին մէջ տիրող իրավիճակի վերլուծութիւնն էր ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղուող մարմիններու դիտարկմամբ:
Հանդիպումը կազմակերպուած էր «Քաղաքական մասնակցութիւն երկխօսութեան միջոցով» ծրագրի ծիրէն ներս «Բաց հասարակութիւն Վրաստան» հիմնադրամի աջակցութեամբ (Ծրագրի կայքէջը՝ http://www.ardzagank.ge/)
Պարոն Շկոլնիկովը ներկաներուն ներկայացուց ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերող զբաղուող տարբեր կառոյցներու կողմէ յառաջ եկած առաջարկութիւններ՝ ուղղուած Վրաստանի իշխանութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ, ան անդրադարձաւ շարք մը պետութիւններու կողմէ Վրաստանի իշխանութիւններուն եղած առաջարկութիւններուն մարդու իրաւունքներու ոլորտէն ներս տիրող իրավիճակի մասին Վրաստանի ներկայացուցած զեկոյցի ժամանակ (Համընդհանուր պարբերական դիտարկում):
Հիւրը ընդգծեց, որ թէ՛ ՄԱԿ-ի տարբեր կառոյցներու, թէ՛ տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ վրացական իշխանութիւններուն խորհուրդ կը տրուէր անդրադառնալ խորհըրդային շրջանին առգրաւուած կրօնական փոքրամասնութիւններուն պատկանող սեփականութեան փոխհատուցման հիմնախնդրին: Ըստ անոր՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւն ինկած է պետութեան վրայ: Ան նաեւ նշեց, որ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գծով զբաղուող մարմիններու ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման համար քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է ըլլայ աշխուժ ու նախաձեռնող:
Վրաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները բարձրացուցին Վիրահայոց թեմի՝ խորհըրդային շրջանին մէջ առգրաւուած սեփականութեան փոխհատուցման, «Միացեալ ազգային շարժման» օրոք հայալեզու դպրոցներու պարբերական փակման, քաղաքական բանտարկեալներուն առնչուող եւ այլ հարցեր: