«Ծանր պատասխանատուութիւն կը կրէ նախագահ Խրիսթոֆիաս»
Երէկ կէսօրին իր աւարտին հասաւ Կիպրոսի մէջ յատկապէս կազմուած՝ «Մարի» զինուորական կայանի արկածի քննչական խումբի աշխատանքը:
Խումբի պատասխանատու պրն. Փոլիվիու, իր հրապարակած զեկուցագրին մէջ, խստութեամբ եւ անվերապահօրէն կը նշէ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տ. Խրիսթոֆիասի պատասխանատուութիւնը, քաղաքական եւ անձնական գետնի վրայ: Պրն. Փոլիվիու նոյնպէս պատասխանատու նկատած է արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ Քիփրիանու եւ Փափաքոսթան:
Այս զեկուցումի հրապարակումէն ետք, երէկ գիշեր Կիպրոսի նախագահական պալատին առջեւ հաւաքուեցան քաղաքացիներ, որոնք անմիջականօրէն պահանջեցին քաղաքական յանձնառու կեցուածք, երկրի ղեկավարութեան կողմէ:
Իր կարգին՝ նախագահ Տ. Խրիսթոֆիաս կտրուկ մերժեց անձնական պատասխանատուութեան վարկածը, նոյն պահուն հակադարձելով, թէ որեւէ փաստ կամ վկայութիւն չէ ներկայացուած իր անձին հանդէպ: Նախագահը դիտել տուաւ, թէ պէտք է սպասել ոստիկանութեան կողմէ հրապա- րակուելիք զեկուցումին, որ յայտնի պիտի դարձնէ եթէ քրէական հետեւանքներ պիտի կրեն 13 զոհ խլած արկածի պատասխանատուները: