Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կիրակի, 16 Մարտ 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բացումը կատարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած հայ գիրքի 35-րդ համասփիւռքեան ցուցահանդէսին, հայ գիրքը բնութագրեց որպէս «հոգեմտաւոր սնունդի աղբիւր»։

Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նախ բացատրեց հայ գիրքին ունեցած իւրայատուկ իմաստը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ան ըսաւ. առանց հայ գիրքին մութ է մեր ճամբան.առանց հայ գիրքին անորոշ է մեր ապագան…»։ 

Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով հոգեմտաւոր զարգացման անհրաժեշտութեան, խօսեցաւ քրիստոնէական հասկացողութեան մէջ անոր ստացած կարեւորութեան մասին։
Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք, Դպրեվանքի սաները յաջորդաբար երգեցին Թարգմանչաց նուիրուած շարականներ: Ապա ներկաները մօտեցան ցուցադրուած գիրքերուն, ծանօթանալու նոր հրատարակութիւներուն ու ըմբոշխնելու հայ գիրքի հոգեմտաւոր աւիշը։