Կանոնաւոր կÿընթանայ Յուն- ւար 1ին սկսած Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ արդիւնահանուող նաւթի արտածումը դէպի Թուրքիա:
Այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ Ուժանիւթի նախարար Թանէր Եըլտըզ նշելով, որ քրտական նաւթը նորակառոյց խողովակաշարով կը հասնի մինչեւ Միջերկրականի ափին գտնուող Ճէյհան նաւահանգիստ:
Պաղտատ յայտարարած է, որ Քրտական ինքնավարութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ նաւթի արտածման մասին համաձայնութիւնները գոյացած են առանց կեդրոնական իշխանութեան հետ համաձայնութեան, ուստի այդ գործարքը զուրկ է օրինական հիմքերէ: