Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քաթրին Աշտոն Երկուշաբթի 10 Մարտին ժամանեց Նոր Ջուղայի ս. Ամենափրկչեան վանք։

Քաթրին Աշտոնին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան ընդունեց՝ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Բաբգէն եպս. Չարեան, Շահինշահրի համայնքի հոգեւոր տեսուչ հոգշ. Տ. Անանիա վրդ. Գուճանեան, Պատգամաւորական ժողովի, թեմական, կրօնական եւ այլ մարմիններու ատենապետեր եւ ներկայացուցիչներ։

Պատուիրակութեան անդամները բարձրացան Վանքի Ծաղկեայ դահլիճ, ուր առաջնորդ Սրբազանը բարի գալստեան խօսք արտայայտելով հիւրին եւ միւս անդամներուն, անդրադարձաւ իրանահայութեան կեանքին ու իրենց ունեցած առաւելութիւններուն ու իրաւունքներուն։ Բացատրեց թէ ինչպիսի կազմակերպ համայնքներ են, եւ թէ ինչպիսի աշխուժ կեանք կը վարեն հոգեւոր, ազգային ու մշակութային մարզերէն ներս։ Ան մատնանշեց կառավարութեան հետ սերտ յարաբերութեանը եւ ներկայացուց Իրանը որպէս համագոյակցութեան երկիր եւ նշեց, որ 400 տարիներէ ի վեր հայերը, որպէս քրիստոնեաներ, իսլամ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ ապրած են յարգանքով եւ սիրով։ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոմիութեան խորհրդարանին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած ըլլալու գծով, միաժամանակ անդրադարձաւ Զուիցերիոյ դատարանի կողմէ դատապարտուած թուրք Տողու Փերինչէքի արդարացման վճռին, յիշեցնելով, որ մէկ ամիս առաջ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսը, նամակով բողոք յայտնած էր Զուիցերիոյ դատարանին։
Սրբազան հայրը իր խօսքի շարունակութեան մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Իրանի պետութիւնը միշտ զօրակցած է մեզի՝ մեր եկեղեցիներու ու մշակութային կոթողներու պահպանման գործին մէջ , մինչդեռ ասկէ մի քանի տարի առաջ դրացի Ատրպէյճանի մէջ ազերիները աւերեցին Հին Ջուղայի պատմական արժէք ներկայացնող խաչքարերը, ինչ որ ինքնին մշակութային ցեղասպանութիւն է։ Թեմակալ Առաջնորդը յոյս յայտնեց, որ Եւրոխորհրդարանը կը բարձրաձայնէ այս հարցի մասին, կը ճանչնայ մարդկային իրաւունքները եւ կը դատապարտէ նման արարքները, որպէսզի այլեւս չթոյլատրուի նման ցեղասպանութիւններու շարունակութիւնը այլուր։
Քաթրին Աշտոն խօսքը առնելով, վստահեցուց, որ անպայման պիտի հետեւի եւ պիտի պաշտպանէ մարդկային իրաւունքները եւ ներկայացուած խնդիրները։
Պաշտօնական հանդիպման աւարտին առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանուն ազգային իշխանութեան յուշանուէրներ յանձնեց Քաթրին Աշտոնին։ Ապա պատուիրակութեան անդամները այցելեցին ս. Ամենափրկչեան վանքի «Խաչատուր Կեսարացի» անուան թանգարանը, ուր առաջնորդ Սրբազան հայրը Հայոց ցեղասպանութեան տաղաւարի առջեւ երկար բացատրութիւններ տալով իրագործուած ոճիրի վերաբերեալ, քարտէսին վրայ ցոյց տուաւ այն վայրերը, ուր իրագործուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Տէր-Զօրէն բերուած նահատակներու աճիւններու բեկորները: