Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հեռախօսային հետապնդումներու, արբանեակային արհեստագիտութեան յառաջդիմած համակարգի այս տարիներուն, անհասկնալի կը թուի ըլլալ Մալեզիոյ օդանաւային թռիչքներուն պատկանող Boeing 777-200 տիպի օդանաւի անհետացումը: 

Մալեզիոյ Քուալա Լումպուրէն դէպի Փեքին ճամբորդող եւ 239 ճամբորդ փոխադրող օդանաւը՝ ռատարներէն անհետացաւ անցեալ Շաբաթ առաւօտուն: Այդ պահէն ծայր առաւ խիստ հետազօտութիւն, տարբեր երկիրներու զինուորական եւ փրկարար սպասարկութիւններու մասնակցութեամբ, բայց հակառակ տարբեր-տարբեր տուեալներու յայտնաբերումներուն (գողցուած անձնագիրներով ճամբորդող անձեր, քարիւղի հետքերու յայտնաբերում ծովային շրջանէն ներս, եւայլն) մինչեւ այս պահուն կարելի չէ եղած ճշդել պատահածը:
Միջազգային մամուլը ահաբեկչութեան վարկածը կը թուի թէ կը քննարկէ, մանաւանդ կեղծ անձնագրերով ճամբորդներու ստուգումէն ետք: Այս տեսութիւնը շատերու մօտ համոզումի վերածուած է, ի տես ուքրանացի ծայրայեղականներու սպառնալիքներուն: ԱՄՆ ինչպէս եւ այլ երկիրներ, որեւէ ձեւով չեն փափաքիր հաստատուած տեսնել նման վարկած, գիտակցելով թէ ի յայտ կրնան գալ Ռուսաստանի դերակատարութեան կապուած վտանգաւոր խաղեր, արեւմտեան երկիրներու մէջ գործող ծայրայեղական խումբերու կողմէ...
Այս բոլոր ենթադրութիւնները սրած են կեղծ անձնագրերու յայտնաբերումէն եւ «Ինթերփոլ»ի կողմէ ուղղուած ազդարարութենէն ետք՝ ուշադրութեամբ քննելու մասին մարդոց ճամբորդական փաստաթուղթերը: