Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Որպէս, ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովի (ECOSOC) խորհրդատու անդամ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, այս տարի եւս, կը մասնակցի Նիւ Եորքի մէջ Մարտ 10-21, 2014-ին կայանալիք ՄԱԿ-ի Կիներու Իրավիճակի Յանձնաժողովի (CSW) 58րդ համաժողովին:

CSW-ի այս տարուայ Համաժողովին օրակարգի գլխաւոր նիւթն է՝ «Հազարամեակի Զարգացման Նպատակներու Գործադրութեան Մէջ Կանանց ու Աղջկանց Մարտահրաւէրներն ու Նուաճումները»: Այս գլխաւոր թէմայի տակ, պիտի քննարկուին կանանց եւ աղջկանց ներառման ու մասնակցութեան հարցերը՝ կրթական, վարժողական ուսուցմունքի, գիտութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ, կանանց արդիւնաւոր աշխատանքին համեմատ՝ հաւասար իրաւունքներու եւ վարձատրութեան օրինականացումը:
ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու, ECOSOC-ի մօտ գրանցուած ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կողքին, Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ այս տարուայ նիստերուն, եւ համընթաց ելոյթներուն եւ հաւաքներուն, պիտի մասնակցին նաեւ՝ ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Վալանթին Պէրպէրեան, Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն՝ Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան, ՄԱԿ-ի աշխատանքներու համադրիչ՝ Հուրի Կէօտէլէքեան, ՄԱԿ-ի անցատոմսակիր ՀՕՄուհիներ, եւ այլ անդամներ:
Կիրակի Մարտ 9, 2014-ին, տեղի պիտի ունենայ օրակարգերու ծանօթացում ու միտքերու փոխանակում՝ աւելի քան 900 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Այլ ներկայացումներու կարգին, Մարտ 10-ին, ՀՕՄ-ը World Vision International-ի հետ, կը կազմակերպէ աշխատանիստ մը՝ սեռերու նախընտրանքի հարցին եւ անոր Արեւելեան Եւրոպայի վրայ ունեցած ժխտական հետեւանքներուն շուրջ: Հարցը պիտի ներկայացնեն Institut de recherche pour developpement-ի, ՄԱԿ-ի Ժողովուրդներու Ֆոնտի Gender and Evaluation at World Vision-ի, Երեւանի Պետական Համալսարանի, եւ Child Protection at World Vision-ի ներկայացուցիչներ:
Համաժողովին տարեկան ընդունելութիւնը, ուր դեսպան Կարէն Նազարեանի կողքին ներկայ պիտի ըլլան այլազան երկիրներ ներկայացնող աւելի քան հինգ հարիւր մասնակիցներ, տեղի պիտի ունենայ Armenian Convention Center-ի մէջ, Երեքշաբթի, Մարտ 11-ին: Այս առթիւ ելոյթ պիտի ունենայ Շուշի պարախումբը:
Մարտ 12-ին, ՀՕՄ-ը պիտի հիւրասիրէ աշխատանիստ մը, «Երկինքին կէսը բաւարար չէ» նիւթով, Հազարամեակի զարգացման նպատակներու մասին: