Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Նիուզ» լրատու կայքէջի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հարաւային ռազմական շրջանի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար գընդապետ Իկոր Կորպուլը, տեղեկութիւններ փոխանցած է Հայաստանի ռուսական օդանաւային խարիսխի մասին, նշելով թէ հոն պիտի տեղադրուին «Միկ 29» տիպի կործանիչները։

Տուեալ ռազմական օդանաւերը նախատեսուած են օդին մէջ գերակայութեան նուաճման համար, երկրի վրայ գտնուող թիրախներու կործանման համար, ինչպէս նաեւ օրուան որեւէ պահու, եղանակային որեւէ պայմաններու մէջ թըշնամիին օդանաւերու ոչնչացման համար: Սպառազինութեան կառավարման համակարգին մէջ կայ նաեւ նշանակէտային համալիր եւ նշանադրման համակարգ:

«Չորրորդ սերունդի «Միկ-29» կործանիչի խմբաքանակը տեղ է հասել Հարաւային ռազմական շրջանի Էրեբունի ռուսական աւիացիոն բազա կապիտալ վերանորոգումից յետոյ: Այս պահին աւիաբազայում ընդունում են ինքնաթիռներն ու նախապատրաստում դրանք՝ շահագործման համար» բացատրութիւնը տուած է գնդապետը։
Հայաստանի մէջ ռուսական 102րդ ռազմակայանին մէջ 4 Մարտին տեղի ունեցած է զէնքի օծման արարողութիւն: Ռուսական ռազմակայանի հրամանատարի հաւատացեալ զինուորներու օգնական, վարդապետ Անտրէյ Վացը լրագրողներուն յայտնած է, որ զէնքը օծելու աւանդոյթը կու գայ հին ժամանակներէն: «Որպէսզի զէնքը ծառայէ հայրենիքի պաշտպանութեան: Զինուորը չ՛երթար սպաննելու, այլ պաշտպանելու հայրենիքը՝ վտանգելով իր կեանքը», նշած է ան։