28 Փետրուարէն 2 Մարտ Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Համաշխարհային համագումարը: Համագումարին կը մասնակցէին աւելի քան 150 պատգամաւորներ:
Յայտնենք, որ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից միութիւն է: Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան կ՛անդամակցին 143 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական, աշխատաւորական եւ ուսանողական միութիւններ՝ 100 երկիրներէ: Համագումարը կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ տեղի կ՛ունենայ երկու տարին մէկ անգամ, կը քննէ շրջանաւարտ նախագահութեան նիւթաբարոյական գործունէութիւնը, կը ճշդէ ապագայ երկու տարուան գործունէութեան ուղեգիծը եւ կ՛ընտրէ նոր նախագահութիւն:
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է:
ՀՅԴ երիտասարդականը համագումարին մասնակցեցաւ երեք հոգինոց պատուիրակութեամբ՝ Արփինէ Մարտիրոսեան Շուէտ, Սարինէ Աբրահամեան Հոլանտա եւ Կարապետ Շադոյեան Աւստրիա:
Համագումարի լիագումար նիստին ներկայացուեցան քանի մը կազմակերպութիւններու կողմէ բանաձեւեր: Մասնաւորապէս ՀՅԴ Երիտասարդականը ներկայացուց բանաձեւ՝ «Ընդդէմ մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի դատավճիռին՝ «Փերինչեքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործին մէջ» խորագիրով: Համագումարը միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւը, ուր նշուած էր՝ «Արդարութիւնը նախապայման է բոլոր առողջ, ժողովրդավար եւ ընկերվար հասարակութիւնների համար: Արդարութիւնն այն հիմնասիւնն է, որն անհրաժեշտ է աւելի լաւ աշխարհ կառուցելու համար եւ, բոլորիս պարտականութիւնն է ամուր պահել այս գաղափարը: Արդարութեան եւ ճշմարտութեան ուրացումը քայքայիչ ուժ է: Ցեղասպանութեան, զանգուածային սպանութիւնների եւ մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւնների մերժումն ինքնին յանցանք է, որը, փաստացիօրէն, քաջալերում է յանցագործների անպատժելիութիւնը:
Անպատժելիութիւնը ճանապարհ է հարթում աւելի շատ յանցագործութիւնների, աւելի շատ բռնութեան եւ առաւել շատ ժխտման համար: 2013 թուականի Դեկտեմբերի 17-ի որոշմամբ, Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանը բաւարարեց թուրք քաղաքական գործիչ Փերինչեքի հայցն ընդդէմ Զուիցերիայի դաշնային դատարանի վճռի, որով դատարանը մեղաւոր էր ճանաչել Փերինչեքին Հայոց ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» անուանելու համար: Ցեղասպանութեան ժխտումը, ըստ Զուիցերիայի դաշնային օրէնքի, քրէօրէն պատժելի է:
Նման որոշումը ճանապարհ է բացում նոր հակահայկական հռետորութեան եւ Եւրոպայում թուրքական ծայրայեղական շարժումներ ծաւալելու համար»: