Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Տարբեր երկիրներու մէջ հայութիւնը արդարութիւն պահանջեց Սումկայիթեան ոճրագործութեան համար

Ամերիկայի, Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ հայ երիտասարդները հաւաքներ կազմակերպեցին Ատրպէյճանի դեսպանութիւններուն առջեւ, բողոքելով եւ արդարութիւն պահանջելով 26 տարի առաջ Սումկայիթի հայ բնակչութեան դէմ գործուած ոճիրին համար:

Ցոյցերու մասնակիցները ատրպէյճանական կողմէն պահանջեցին դադրեցընել պատերազմի վերսկսման ուղղութեամբ քայլերու նախաձեռնումը եւ տարածաշրջանէն ներս սպառազինութիւններու մրցավազքը։

Պրիւքսէլ եւ Լա Հէյ
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Փետրուար 26ի յետմիջօրէին, Պրիւքսէլի մէջ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց, ի յիշատակ Սումկայիթի, Պաքուի, Մարաղայի, Կիրովապատի եւ այլ քաղաքներու մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ եղած սպանդներու զոհերուն: Ցոյցը կազմակերպուած էր Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:
Ներկաները Ատրպէյճանի դեսպանութեան ուղղուած նամակը կարդալէ ետք քալեցին դէպի Պրիւքսէլի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակի խաչքարը: Հայ զոհերու հոգիներու հանգստեան համար աղօթքին ներկայ էին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աւետ Ադոնց, ՀՀ ՆԱԹՕի դեսպան Արմէն Ետիկարեան, գաղութի միութեանց ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ, որոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին խաչքարին առջեւ:
Հինգշաբթի, Փետրուար 27ին, Հոլանտայի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը հանրահաւաք եւ բողոքի ցոյց կազմակերպեց Լա Հէյի մէջ գըտնուող Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Ցոյցը նուիրուած էր 1988ի Սումկայիթի ջարդերու զոհերու յիշատակին: Ցուցարարները նաեւ դատապարտեցին Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը՝ Արցախի հարցով: Հոլանտայի բոլոր նահանգներէն հարիւրի հասնող ցուցարարներ Լա Հէյ եկան, հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն:

Երեւան
Երիտասարդ համալսարանականներու միաւորման շուրջ 200 անդամներ Հինգշաբթի 27 Փետրուարին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի բարձունք՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 26 տարի առաջ Սումգայիթ քաղաքին մէջ հայերու դէմ կատարուած ջարդերու անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան կաճառի հայոց պատմութեան ամպիոնի դասախօս Գէորգ Մելքոնեան՝ ուսանողներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ իրենք կը նախաձեռնեն շարժումի մը, որուն նպատակն է ՄԱԿէն, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբէն խնդրել, որ անոնք դատապարտեն սումգայիթեան ոճրագործութիւնը եւ պատժեն պատասխանատուները: «Քանի դեռ չեն պատժուել սումկայիթեան, Մարաղայի, Բաքուի, Նախիջեւանի ցեղասպանութեան կազմակերպիչները, մենք վստահութիւն չունենք, որ դա չի կարող կրկնուել: Կոչ ենք անում Մինսկի խմբին, Միաւորուած ազգերի կազմակերպութեանը՝ ցուցաբերել նախաձեռնութիւն եւ դատապարտել տեղի ունեցածը», նշեց Մելքոնեանը։


«Ցեղասպանութիւն Սումգայիթի մէջ. Յանցագործութիւն առանց պատիժի»

Ռուսական «Կոմսոմոլսքայա Փրաւտա» լրատուամիջոցը վերոյիշեալ խորագիրով անդրադարձած է 26 տարի առաջ Սումգայիթի մէջ հայերուն դէմ կատարուած ջարդերուն: Թերթը իր յօդուածին մէջ օգտագործած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Ռուբէն Զարգարեանի յիշողութիւնները: «Ատրպէյճանական ԽՍՀ Սումգայիթ քաղաքին մէջ, 26 տարի առաջ՝ 1988 թուականի Փետրուարի 27-29ին կատարուեցաւ ցեղասպանական աքթ՝ քաղաքի հայկական բնակչութեան նկատմամբ: Ատրպէյճանական իշխանութիւններու նպատակադրուած եւ ծրագրուած աջակցութեամբ եւ ԽՍՀՄ ղեկավարութեան թոյլտուութեամբ, կատարուեցան հայերու զանգուածային ջարդեր, սպանութիւններ, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, որոնք իրենց վայրենութեամբ ու դաժանութեամբ ցնցեցին միջազգային հանրութիւնը», գրած է թերթը։ Լրատուամիջոցը նշած է, որ Սումգայիթի կոտորածը արձագանգ էր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի օրինական կամքի արտայայտութեան՝ միանալու Հայաստանին, որուն անբաժան մասը եղած է հազարաւոր տարիներու ընթացքին՝ մինչեւ խորհրդայնացումը: Ռուսական աղբիւրը նշած է, որ հայերու սպանութիւններուն նպատակն էր արգելափակել խնդրի լուծումը ԽՍՀՄ կեդրոնին մէջ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը վախցնել արիւնալի նոր հաշուեյարդարներու հեռանկարով՝ ստիպելով զանոնք հրաժարելու ազատութեան եւ արժանապատիւ կեանքի բնական իրաւունքներէն:
«Կոմսոմոլսքայա Փրաւտա»ն մանրամասնօրէն անդրադարձած է Սումգայիթի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու զարգացման եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն։