«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Աւագով յայտնած է, որ հրահանգ տրուած է ձերբակալելու Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչը:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Եանուքովիչի նկատմամբ հետախուզութիւն յայտարարուած է: Աւագով յայտնած է, որ հետախուզութիւն յայտարարուած է նաեւ նախկին այլ պաշտօնատարներու նկատմամբ:
ԱՖՓ կը նշէ, որ Եանուքովիչի դէմ հետաքննութիւն սկսած է‘ «զանգուածային մարդասպանութեան» համար:
«Ռաշա Թուտէյ» կը յիշեցնէ, որ Եանուքովիչ վերջերս հրաժարած էր պետական պաշտպանութենէն: Զինք վերջին անգամ տեսած են Խրիմի մէջ:
«Վզկլեատ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Սիւզըն Ռայս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու համար Վիքթոր Եանուքովիչ լքած է Ուքրանիոյ նախագահի պաշտօնը: Ան նշած է, որ Եանուքովիչ գացած է եւ այլեւս երկիրը չի ղեկավարեր‘ իբրեւ նախագահ: Անդրադառնալով Ուքրանիոյ հաւանական մասնատման‘ Ռայս ըսած է, որ ատիկա ոեւէ մէկուն շահերէն չի բխիր: «Մասնատումը ո՛չ Ուքրանիոյ, ո՛չ Ռուսիոյ, ո՛չ ալ Եւրոպական Միութեան կամ Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի: Այս կողմերէն ոչ մէկը կ՛ուզէ տեսնել բռնութեան վերադարձն ու կացութեան սրումը», ընդգծած է ան: Ըստ անոր, Ռուսիան եւս պէտք է շահագրգռուած ըլլայ Ուքրանիոյ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ համաձայնութեան ձեռքբերումով: Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ռուսիոյ զինուորական միջամտութիւնը լուրջ սխալ պիտի ըլլայ:
Ռայս աւելցուցած է, որ ոչինչ կը խանգարէ, որ Ռուսիոյ հետ բազմամեայ պատմական ու մշակութային կապեր ունեցող Ուքրանիան Եւրոպայի հետ աւելի սերտօրէն համարկուի: Եւրոպական Միութիւնը երէկ ճանչցաւ Եանուքովիչը պաշտօնանկ ընելու Ուքրանիոյ խորհրդարանի որոշումը:
Միւս կողմէ, «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ արեւմտեան եւ կեդրոնական մարզերու՝ իրենց պաշտօնէն հրաժարած ղեկավարներու թիւը բարձրացած է 9-ի: Անոնք իրենց հրաժարականներուն իբրեւ պատճառ ամէնէն շատ կը նշեն «երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական դրութիւնը»:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, որ Ուքրանիոյ նոր ղեկավարներուն օրինականութիւնը իրեն համար կասկածելի է: «Չենք հասկնար, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ այդտեղ: Մեր շահերուն եւ քաղաքացիներու կեանքերուն իսկական վտանգ մը գոյութիւն ունի», ըսաւ ան: