Աշխատանքային այցելութեամբ Սոչի գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին անունով նախ շնորհաւորեց ռուս գործընկերը՝ Սոչիի մէջ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը բարձր մակարդակով կայացնելու եւ ռուս մարզիկներու արձանագրած յաջողութիւններուն ու պատմական մրցանիշ հաստատելու առիթով:
Ռուսիոյ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սարգսեանին Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուելուն համար՝ նշելով, որ նախագահ Սերժ Սար- գըսեան ներկայ էր բացման հանդիսութեան: Ըստ Մետվետեւի, ասիկա Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բարեկամութեան եւ գործընկե- րութեան խորհրդանիշ է: Ռուսիոյ վարչապետը նշեց, որ այսպիսի աշխատանքային հանդիպման ընթացքին կարելիութիւն կը ստեղծուի անդրադառնալու ռուս-հայկական համագործակցութեան, դիտարկելու, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանան աշխատանքները Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան անդամակցելու, ինչպէս նաեւ երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ:
Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, երկու երկիրներու վարչապետները քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն առնչուող օրակարգային տարբեր հարցեր, որոնք կը վերաբերին առեւտրական-տնտեսական եւ ներդրումային մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան, ներառեալ‘ ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան եւ ենթակառոյցներու մարզերուն միացեալ ծրագիրներ:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ ռուսական ընկերութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան Հայաստանի տնտեսութեան մէջ եւ այնտեղ կը գործեն հազարէ աւելի ռուսական դրամագլուխով ընկերութիւններ: Ան յայտնեց, որ ներդրումներու ծաւալով Ռուսիա առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային եւս այդ ներդրումները շարունակուին Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ:
Երկու վարչապետները գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի առեւտրաշըրջանառութեան աճող ծաւալներու մակարդակին գծով եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ ատիկա պիտի շարունակէ նոր թափ ստանալ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան եւ Միասնական տընտեսական տարածքին միանալէն ետք:
Սարգսեան եւ Մետվետեւ բարձր գնահատեցին Հայաստանի կողմէ Մաքսային միութեան անդամակցութեան ճամբու քարտէսով նախատեսուած ծրագիրներու իրականացման հոլովոյթը: Ռուսիոյ վարչապետը նշեց, որ եւրասիական համարկման հոլովոյթներուն Հայաստանի անդամակցութիւնը նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական մարզին մէջ գործակցութեան զարգացման:
Այդ ծիրին մէջ վարչապետները քննարկեցին հայկական հիւլէական կայանի գործով ուժանիւթի արտադրամասի արդիականացման եւ շահագործման ժամկէտի երկարաձգման աշխատանքներուն, անոր անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը վերաբերին արդիւնաբերական եւ մարդկային համագործակցութեան: