Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութենէն 10 տարի անց Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Տէյվիտ Սիսիլայն եւ Քոնկրեսին մէջ Հայաստանին աջակցող խումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնէ միացան աշխարհի հայերուն՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի ներումը եւ հերոսացումը:
Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը «Արմէնփրես»-ին փոխանցեց, որ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայերը եւ բարեկամները ընկերային ցանցերու՝ «Թուիթըր»-ի, «ֆէյսպուք»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի իրենց էջերուն վրայ կատարած են գրառումներ՝ բարձրացնելով միջազգային հանրութեան իրազեկութիւնը մարդասպան Սաֆարովի կատարած դաժան ոճրագործութեան եւ արտայանձնումէն ետք հայրենիքի մէջ հերոսացման մասին: «Ատրպէյճանցի զինուոր Ռամիլ Սաֆարովին երբեք պէտք չէ ներում շնորհուէր հայ բանակի սպան կացինահարելուն համար», յայտնած է Էտըմ Շիֆ:
Քոնկրեսական Սիսիլայն արձագանգած է. «Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութեան 10-րդ տարելիցին մենք կը յարգենք անոր յիշատակը եւ կրկին յանձն կ՛առնենք արդարադատութեան հասնիլ Մարգարեանի համար»: Արդարադատութեան կոչ կ՛ուղղէ նաեւ քոնկրեսական Փալոն նշելով, որ Սաֆարով պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի իր կատարած ոճրագործութեան համար:
«Թուիթըր» ընկերային ցանցը անցնող օրերուն լեցուն էր «Արդարութիւն Մարգարեանի համար», «Գուրգէն» հաշթակներով: