Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Լաթվիոյ «Նոր համաշխարհային աշխարհագրութիւն» դասագիրքին մէջ, որ լոյս տեսած է 2013-ին, Արցախը ներկայացուած է իբրեւ անկախ պետութիւն:

Դասագիրքը նախատեսուած է Լաթվիոյ դպրոցներու միջին դասարաններու աշակերտներուն համար:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Այսօր»-ը, յայտնելով թէ Ռիկայի մէջ, արդէն իսկ ազերի քարոզչական մեքենան գործի լծուած է: Հարաւային Օսեթիան եւ Աբխազիան ալ ներկայացուած են իբրեւ անկախ պետութիւններ: