ԼՈՆՏՈՆ
Ամերիկեան եւ բրիտանական գաղտնի սպասարկութիւնները հետազօտութիւններ կը կատարէին Wikileaks համացանցի կայքէջին եւ Ճուլիան Ասանճի բացայայտումներուն հետեւող ընթերցողներուն մասին:
Այս տուեալը հրապարակեց Ճուլիան Ասանճի զօրավիգ կանգնող կայքէջ մը, վկայակոչելով Էտուարտ Սնոուտէնէն ստացուած փաստաթուղթեր:
ՎԻԵՆՆԱ
Փոքր քայլերով Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը շարունակուի Թեհրանի միջուկային ծը- րագրի մասին «Վեց»ի խորհրդաժողովը: Իրանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Ապաս Արակցի դիտել տուաւ, թէ երկու կողմերը համաձայն գըտնուած են աշխատանքային ծրագրի մը մշակման կապակցութեամբ, մինչեւ ամերիկեան Սթէյթ Տիփարթմընթ եւս յստակացուց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է բանակցութիւններու ճշդած ժամանակամիջոցի եւ պարունակութեան մասին: