Զսպուածութեան կոչ կ'ուղղէ Եւրոպական Միութիւնը
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու անդամ-երկիրներու արտահերթ նիստ նախատեսուած է այսօր Հինգշաբթի օր, Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող բուռն բախումներու եղելութիւններու կապակցութեամբ։ Աւելի քան 26 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցած են, մինչ հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուած են։
Եւրոպական Միութիւնը զսպուածութեան կոչ ուղղած է երկու կողմերուն։ Գերմանիոյ նախագահ Անկելա Մերքել հեռաձայնային զրոյց ունենալով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ շեշտած է բռնութեան ալիքը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը։ «Արեւմտեան երկիրները կը փորձեն մեր դրան առջեւ թափել իրենց սխալները» «Թուիթըր»ի մէջ գրած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, զգուշացնելով միջնորդական նախաձեռնութիւններէ։
Այս փխրուն քաղաքական մթնոլորտին մէջ, Ուքրանիոյ ընդդիմութիւնը եւ միջազգային հանրութիւնը, ուշադրութեամբ կը հետեւին Ռուսաստանի կեցուածքին, քանի որ վախ յայտնուած է, թէ ցոյցերու կասեցման անյաջողութեան պարագային՝ Ռուսաստան բանակ պիտի ուղարկէ ուքրանական հողի վրայ։