Միջազգային համբաւ վայելող հայ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան հռչակուած է աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտը։ Այս կոչումը կը շնորհուի զուիցերական «Credit Swiss» դրամատան կողմէ հաստատուած տարեկան մրցանակի մը առիթով։
Կը տեղեկանանք թէ այս տարւան մրցանակին արժանացած է Խաչատրեան, որ Յունուարի վերջաւորութեան Վիեննայի մէջ պարգեւատրուած է հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին։ Մրցումին դատակազմը գլխաւորած է Միխայիլ Կաֆլիկէր, որ գեղարուեստական ղեկավարն է Լիւցերնի փառատօնին։
Միեւնոյն ժամանակ Սերկէյ Խաչատրեան արժանացած է 45 հազար զուիցերական ֆրանք արժողութեամբ դրամական պարգեւի։
Երաժշտական բնագաւառէն ներս այս մէկը ամենաբարձր մրցանակներէն կը նկատուի։ Այս պարգեւատրումը միանգամայն հայ երաժիշտին առիթ կուտայ մասնակցելու համերգի մը՝ Վիեննայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ։