Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆ
Ուժանիւթի Նախարարութիւնը  Կը Յանձնուի Դաշնակցութեան

«Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարութիւնը Ստանձնեցինք՝ Վերջ Տալու Համար Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Խոչընդոտին» Շեշտեց Յ. Խաչերեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթի Շաբաթ, 15 Փետրուարի թիւով հրատարակուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը ստանձնեց՝ հիմնուելով այն սկզբունքին վրայ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին:
«Կեդրոնական կոմիտէն այս նախարարութիւնը ստանձնելու իր որոշումը տուաւ՝ խորհրդակցելով իր դաշնակիցներուն հետ եւ հիմնական նպատակ ունենալով վերջ տալ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտի մը», շեշտեց Յ. Խաչերեան:
Նախարարը Արթուր Նազարեանն է, որ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Միացեալ Նահանգներու «Ֆիլատելֆիա» համալսարանին մէջ, ուր ուսանած է կերպասի ճարտարագիտութեան ճիւղը եւ աւարտած՝ 1973-ին: Կը գործէ առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ. ան գործարաններ ունի նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ:

 

* * * * * * * * * * *

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ
ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻՆ

Փետրուար 13ի երեկոյեան Տեառնընդառաջի տօնին, հաւատացեալներու եւ յատկապէս ծնողներու ու մանուկներու հսկայ բազմութեամբ լեցուն էր Անթիլիասի Մայրավանքը: Ծնողներ եկած էին իրենց զաւակներուն հետ, մասնակից դառնալու Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի խորհուրդին:
Շրջապատուած Միաբան հայրերով, Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Մայր Տաճարին մէջ նախատօնակի հոգեպարար արարողութեան ու ապա իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն:
Առաջին հերթին Վեհափառ հայրապետը ողջունեց հոծ բազմութեան ներկայութիւնը Մայրավանքէն ներս եւ ապա անդրադարձաւ Աւետարանական դրուագին, ուր նկարագրուած է թէ ինչպէս Յիսուսի ծնողքը, հետեւելով եբրայական աւանդութեան, իրենց զաւակին ծննդեան քառասնօրեայ շրջանին, տարին զինք տաճար՝ Աստուծոյ ընծայելու համար։ Ապա, Վեհափառը ըսաւ. «Քրիստոսի տաճար ընծայման աւետարանական դրուագէն մեզի կը փոխանցուի երկու պատգամ՝
ա) հաւատարիմ մնալ աւանդութեանց: Աւանդութիւնը կրoնական թէ ազգային հաւաքականութեան ինքնութեան ամենէն կարեւոր կռուաններէն մէկն է: Աւանդութեամբ է որ մենք մեր ինքնութիւնը կը պահենք ու կ'արտայայտենք. աւանդութեամբ է որ մենք մեր գոյութիւնը կը պահպանենք: Առաքեալը կ'ըսէ՝ ամուր պահեցէք ձեր աւանդութիւնը (Բ. Թեսաղ. 2. 15): Յիսուսի հայրը եւ մայրը հաւատարիմ մնացին իրենց աւանդութեան, եւ աւանդութեան նկատմամբ իրենց ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով Յիսուս Մանուկի ծնունդէն քառասուն oրեր յետոյ զինք տարին տաճար Աստուծոյ ընծայելու:
բ) Մoտէն հետեւիլ մեր զաւակներու դաստիարակութեան: Ծնողքի մը աւագ պարտականութիւնն է դաստիարակել իր զաւակը: Ծնողքը, յատկապէս մայրը, առաջին ու մնայուն դաստիարակն է իր զաւկին: Ահա թէ ինչու Մեզի համար հայ ընտանիքը սրբազան կառոյց է: Մեր ժողովուրդը հայ ընտանիքը նկատած է դպրոց, եկեղեցի ու հայրենիք, որովհետեւ հայ ընտանիքի ճամբով է որ հայ մանուկը կը դաստիարակուի ու ինքզինք անբաժանելի մասը կը նկատէ ազգին ու եկեղեցւոյ: Նայեցէ՜ք Յիսուսի ծնողքին. անոնք մoտէն հետեւեցան Քրիստոսի հոգեմտաւոր աճման»:
Տեառնընդառաջի արարողութենէն ետք, Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ հայրապետը մայրավանքի շրջաբակէն ներս վառեց աւանդական խարոյկը: Ապա Միաբան հայրերն ու դպրեվանեցիները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին ներկայ ժողովուրդը:


* * * * * * * * * * * * *

ԹՈՒՐՔԻԱ
Ընտրութիւններէն Առաջ Էրտողանի Կուսակիցները
Այցելած Են Հայերուն

Թրքական «Իսքենտերուն հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ 30 Մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն առաջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչները այցելած են հայկական եկեղեցի եւ հանդիպած հայերու հետ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Ալեքսանտրէթի քաղաքապետութեան թեկնածու Սէյֆի Տինկիլ, Թուրքիոյ խորհրդարանի Ալեքսանտրէթէն ընտրուած երեսփոխան Օրհան Քարասայ եւ շարք մը կուսակցականներ այցելած են Ալեսքանտրէթի Սրբոց Քառասնից Մանկանց հայկական եկեղեցի: Էրտողանի կուսակիցները հանդիպում ունեցած են Սրբոց Քառասնից Մանկանց հայկական եկեղեցւոյ հոգեւորական Աւետիս Թապաշեանի, Ալեքսանտրէթի Քառասուն Մանուկ հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Կարպիս Քսատուրի եւ այլոց հետ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատուիրակութիւնը հայերուն ներկայացուցած է կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ լսած է հայ համայնքին պահանջները:
Նշենք, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին գործող եկեղեցի է:
Վերջերս Ժողովուրդներու ժողովրդավարական քոնկրես քրտական կուսակցութեան ղեկավարներէն մէկ քանին հանդիպում ունեցած էին Սեբաստիոյ հայերու ներկայացուցիչներուն հետ: