Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ատրպէյճանէն կաշառք ընդունած ըլլալու յանցանքով

Եւրոպական խորհրդարանի բարոյա-կան արժէքներու հսկիչ յանձնաժողովը մտադիր է քննարկելու 9 օրէնսդիրներու հարցը, որոնք կասկածի տակ են՝ անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին նախագահական ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան ժամանակ Ատրպէյճանէն կաշառք ընդունած ըլլալու համար:

Եւրոպական շարք մը հեղինակաւոր գործակալութիւններ կը բացայայտեն թէ Քրիստինա Օյուլանտը, Եացեկ Վլոսովիցը, Սլավի Բինեւը, Ժիրի Մաստալկան, Իվօ Վայգլը, Ալեքսանդրա Թեյնը, Հանու Թակուլան, Օլեգ Վալյալոն եւ Նիք Գրիֆինը եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ են, որոնք անցեալ տարի Հոկտեմբերին մեկնած էին Ատրպէյճան՝ ընտրութիւնները վերահսկելու առաքելութեամբ:
Ինչպէս հետագային պարզուեցաւ, անոնք «մոռցած են» Եւրոխորհրդարանին յայտնելու, թէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնն էր իրենց հրաւիրողը: Յաւելեալ՝ անոնք իրենց այցելութեան մասին գրառում չէին պահած համացանցի մէջ, այնպէս ինչպէս կը պահանջէ էթիկային օրէնքը:
Անցեալ Յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ընդունուած նոր օրէնքի համաձայն՝ երեսփոխաններու ուղղուած որեւէ հրաւէր, որու ծախսերը կը գերազանցեն 150 եւրոն՝ այդ ըլլայ ոտնագնդակի մրցում, «շոու»ի մը մասնակցութիւն կամ ճամբորդութիւն, պէտք է արձանագրուի յատուկ կայքէջի վրայ:
Ուշագրաւ է, որ կասկածելի պատգամաւորներէն մէկը՝ Քրիստինա Օյուլանդը անդամ է Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի:
Յիշեցնենք, որ տուեալ յանձնաժողովի երեք օր առաջ կայացած նիստը Սթրազպուրկի մէջ, աւարտեցաւ առանց համատեղ յայտարարութեան:
Եւրոխորհրդարանը մտադիր է քննութեան տակ առնելու պատգամաւորներու հարցը եւ հարկ եղած պարագային՝ պատժամիջոցներ կիրառելու անոնց նկատմամբ: Խորհրդարանի կոմիտէն անհանգստացած է նաեւ, թէ արդեօ՞ք Ատրպէյճան այցելած խորհրդարանականները վարձատրուած են Ատրպէյճանի կողմէ իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Յիշեցնենք, որ օրին, եւրոպացի պատգամաւորները Ատըրպէյճանի ընտրութիւնները գնահատած էին որպէս ազատ եւ արդար՝ հակադրութեան մէջ մտնելով, ԵԱՀԿ-ի զեկոյցի հետ, ուր լուրջ մատնանշումներ կային, մասնաւորապէս խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան բնագաւառէն ներս: