
Սոչիի մէջ շարունակուող 22-րդ ձմեռային ողիմպիական խաղերու երկրորդ օրը հանդէս եկան Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները՝ Սերգէյ Միքայէլեան ու Արթուր Եղոյեան:
15+15 քմ սկիատլոնի մրցումներուն Սերգէյը 68 մասնակիցներու միջեւ գրաւեց 46-րդ տեղը՝ բոլոր մասնակիցներու միջեւ ունենալով 52-րդ վարկանիշ:
Նշենք, որ ձմեռային ողիմպիական խաղերուն առաջին անգամ հայ դահուկորդը կարողացաւ ընդգրկուիլ լաւագոյն 50-ի միջեւ: Միքայէլեան յաղթողին զիջեց 5 րոպէ եւ մէկ վայրկեան:
Արթուր Եղոյեան գրաւեց 63-րդ տեղը՝ յաղթողին զիջելով 9 րոպէ 23 վայրկեան:
Ողիմպիական ախոյեան հռչակուեցաւ զուիզերիացի Դարիօ Կոլոնեան, երկրորդ տեղը զբաղեցուց շուէտ Մարկուս Հալները, իսկ պրոնզէ մետալը բաժին հասաւ նորվեկացի Մարտին Սունբիին: