Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Աղբալեան» մշակութային միութեան վարչութեան, Վրէժ Արմէնի «Իմ Ուղեպատումը» հատորին գինեձօնը տեղի ունեցաւ Յունուար 23ի երեկոյեան, Սան Ֆրանսիսքոյի «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Ողջոյնի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչական անդամներէն Հայկ Մխճեան: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց «Իմ Ուղեպատումը» գիրքի հեղինակ ու յայտնի մտաւորական, գրագէտ, խմբագիր, հրապարակախօս ու ճարտարապետ Վրէժ Արմէն Արթինեանն ու իր կինը՝ Նազելին: Ապա ծանօթացուց գիրքը ներկայացնողը՝ գաղութիս սիրուած արուեստագիտուհի, դերասանուհի, հրապարակագիր ու ասմունքի վարպետ Մարի Ռոզ Աբուսեֆեանը:
Հանդիսութեան սկիզբը շատ հաճելի անակնկալ մը պատրաստուած էր: Արդարեւ, Մարի Ռոզ Աբուսեֆեանի թոռը՝ փոքրիկն Արմէն Շիրազ (11 տարեկան) ելոյթ ունեցաւ՝ ճարտարօրէն դաշնակի վրայ նուագելով Ա. Բաբաջանեանի «Էլէգիա»ն ու արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:
Դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսեֆեան մանրամասն ու խոր քննարկումով ներկայացուց հատորը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ.
«Մեր ետեւ մնաց հին աշխարհը»: Այսպէս կը սկսի գիրքը: «Հին աշխարհ» անուանած է ան իր ծննդավայրը՝ Գահիրէն, ըստ Արեւմուտքի ընդունուած մտածողութեան, քանի որ կը մեկնէին բոլորովին «նոր աշխարհ»՝ Քանատա, Մոնթրէալ: Վստահաբար անտեղեակ էր, որ այդ հին աշխարհին տուած սնունդով ինք պիտի ապրէր, գոյատեւէր նոր աշխարհին մէջ եւ անոր՝ այդ հին աշխարհին, տուածով ստեղծէր իր նախորդ եւ այս վերջին գիրքերը: Այդ նոյն հին աշխարհի հիմքին վրայ բուրգեր կառուցուած են, իր կառոյցով աշխարհին մինչեւ օրս իսկ զարմացուցած, իսկ ինք, այդ երկրի ամուր շաղախով, պիտի բարձրացնէր նաեւ իր հոգեկան եւ մտային երկնաքերը:
Առաջին հայեացքէն ընթերցողին կը թուի, որ ան հեղինակի՝ Վրէժ Արմէնի, ապրած կէսդարեայ կեանքի պատմութիւնն է: Սակայն, երբ կը մտնես անոր 308 էջերուն մէջ, կը տեսնես, որ գրական պարզ ոճով ու սահուն գրուած այս պատումը ներառած, ամփոփած ու իրարու միահիւսած է իր ամբողջ գերդաստանին, իր ապրած շրջապատին եւ երկրագունդի երկու տարբեր կիսագունդերուն մէջ հայութեան ներդրումը՝ ազգի մը յարատեւման համար տարուող աշխատանքին, եւ ասով է ահա, որ սովորական պատումը դարձած է նաեւ ուղեցոյց՝ Սփիւռքի մէջ ապրելու եւ գոյատեւելու, ազգային արժէքները պահպանելու եւ զարգացնելու, կրթուած ու գիտակից հայ մնալու: Ինչպէ՞ս ապրիլ օտարութեան մէջ՝ առանց խաթարուելու, ինչպէ՞ս պահել ազգութիւնդ՝ առանց ներքին բախումներու, լիարժէք գոյատեւել՝ առանց բարդոյթներու, ինչպէ՞ս օգտակար դառնալ ազգիդ ու մարդկութեան: Այս հետեւութեան կը յանգի ընթերցողը, երբ կարդայ ու աւարտէ գիրքը՝ մարդկային անսահման բարութիւն, յարգանք, սէր՝ ընտանիքի ու շրջապատի, ազգի, բնութեան, հայրենիքի հանդէպ. նախանձելիութեան հասնող այս երեւոյթով կը շնչէ ողջ գիրքը:
«Իմ Ուղեպատումը» հատորի ներկայացման աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ հեղինակը եւ տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխաններու շարք մը, որուն մեծ հաճոյքով ու գոհացուցիչ կերպով պատասխանեց Վրէժ Արմէն: Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւն՝ գինին յեղելով հատորին վրայ ու տօնական մթնոլորտ ստեղծելով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորներու մակագրութիւն՝ հեղինակին կողմէ։