Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Նախագահ Փութին կը հաւաստիացնէ թէ՝
Ռուսաստանը հիւրասէր եւ ապահով ձեւով
պիտի ընդունի իր բոլոր հիւրերը

2014ի Ձմեռնային Ողիմպիական մրցումներու ջահը երկարատեւ ճանապարհէ յետոյ, իր տեղը գրաւեց Սոչիի մէջ։ Կրակը Սոչիի տարբեր թաղամասերուն մէջ իր երթեւեկութիւնը պիտի կատարէ 350 ջահակիրներով, երեք օրուան ընթացքին, մինչեւ Փետրուար 9ը։


Սոչիի մէջ կրակի մուտքը ողջունեցին նաեւ տեղացի հայերը, որոնք մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորած են հայ մարզիկները։

Երէկ Սոչի ժամանեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ լրագրողներուն խօսելով յայտնեց թէ
Ռուսաստանը ամէնապատրաստ վիճակի մէջ է որպէսզի հիւրասէր եւ ապահով կազմակերպում ապահովէ Ձմեռնային Ողիմպիական մրցումներուն համար։ «Կþուզենք վստահ ըլլալ որ Սոչիի մրցումները մարզական մեծ տօն պիտի հանդիսանան աշխարհի բոլոր մարզասէրներուն համար» ըսաւ ան, որ փութաց լուսանկարուելու վագրի մը հետ, ցոյց տալու համար թէ մամուլին մէջ բարձրաձայնուած բնապահպանական մտահոգութիւնները աւելորդ ու չափազանցուած էին։
Նշենք, որ ռուսական եւ միջազգային մամուլին մէջ Ողիմպիական մրցումներու լուրերուն ընկերացան կաշառակերութեան, մարդկային իրաւունքներու (միասեռականներու դէմ օրէնքներու կիրարման) հարցերու կապակցուած նիւթեր։
Ողիմպիական մարզախաղերուն կը մասնակցին աւելի քան 2800 մարզիկներ, աշխարհի 88 երկիրներէ։ Անոնք պիտի մրցին 15 մարզաձեւերու մէջ։

Յունաստանի նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս ներկայ պիտի գտնուի Ձմեռնային Ողիմպական մարզախաղերու բացման արարողութեան։

Այսօր Սոչի կը մեկնի Յունաստանի նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս, որ կէսօրուան ժամերուն պիտի այցելէ Քրասնայա Փոլիանա լեռնային շրջանէն ներս Ողիմպիական աւանը, Յունաստանի ազգային խումբի մարզիկներուն հետ պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու համար։
Վաղը Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 10.45ին, նախատեսուած է Գարոլոս Փափուլիասի հանդիպումը Չինաստանի նախագահ Հի Ճինփինկի հետ եւ ժամը 12ին, Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ Պին Համատ Ալ Թանի հետ։
Վաղը Ուրբաթ գիշեր նախատեսուած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի պաշտօնական ընթրիքը, Սոչի ժամանած բոլոր նախագահներու մասնակցութեամբ։ Ապա տեղի պիտի ունենայ մարզախաղերու բացման պաշտօնական արարողութիւնը։