Յունուար 28- Փետրուար 1,2014, Քոթայամի մէջ (Հնդկաստան), Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոսի հրաւէրով, գումարուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասնմէկերորդ ժողովը։
Հայ եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան։ Յանուն Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Յովակիմ եպս. Մանուկեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ վրդ. Անանեան։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ նաեւ Կարտինալ Քուրթ Քոխի հետ ժողովին համա-ատենապետութիւնը վարեց։
Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին իրենց Եկեղեցիներուն առնչուած միջ-եկեղեցական հարցեր։
Յանձնաժողովը քննարկեց «Ծէսը, սուրբ պատարագը եւ ուխտագնացութիւնը քրիստոնէութեան առաջին հինգ դարերուն՝ որպէս եկեղեցիներուն միջեւ եղած հաղորդութեան ու հաղորդակցութեան ազդակ» նիւթը։
29 Յունուարին, Նորին Սրբութիւն Տ. Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոս պաշտօնական ընթրիքով պատուեց յանձնաժողովի անդամները։ Ընթրիքի ընթացքին, Նարեկ Սրբազան ողջոյնի խօսք ուղղեց եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն ողջոյնները փոխանցեց Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ: Ապա 30 Յունուարին, Կարտինալ Քուրթ Քոխ եւ Նարեկ Սրբազան առանձին հանդիպում ունեցան։ Քննարկուեցան Սուրիոյ կացութիւնը, քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը 2015-ին։
Աստուածաբանական երկխօսութեան 12-րդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-31 Յունուար 2015-ին, Վատիկանի մէջ։