Ղարաբաղեան Ատրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Կացութեան Նկատմամբ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ատրպէյճան սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտման դէպքերու յաճախակի դառնալուն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղ-ւած յայտարարութեան մէջ կը յայտնէ. «Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի սրման առնչութեամբ: Վերջին օրերուն սահմանագիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու յաճախակիացման իբրեւ արդիւնք զինուորներու շարքերուն մէջ զոհեր կան: Կը հաղորդուի նաեւ խաղաղ բնակչութեան շարքերուն մէջ վիրաւորներու մասին: Կը կարծենք, որ լարուածութեան հետագայ սրումը անխուսափելի կերպով բացասաբար պիտի անդրադառնայ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վրայ: Կրնայ էապէս բարդանալ Վիեննայի մէջ 19 Նոյեմբեր 2013-ին հայ-ա-տըրպէյճանական վեհաժողովին ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը:
«Տագնապի կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ձեռնարկելու իրավիճակի կայունացման հա- մար լրացուցիչ քայլերու, որոնց շարքին 4 Փետրուար 1995-ին կնքուած զինադադարի դրութեան ամրապնդման մասին համաձայնագիրով նախա- տեսուած մեքանիզմներու կիրարկման»: