Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնողական կեդրոնը մէկ տարուան պատմութիւն ունի: Դժուար պայմաններու եւ վտանգաւոր մթնոլորտի մէջ աշխատանքները կը շարունակուին:
Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցները դժուար, երբեմն՝ անյաղթահարելի փորձութիւններով տարի ապրեցան, սակայն անոնք միշտ կը գիտակցէին, որ միայնակ չեն:
Շտապ օգնութեան կեդրոնը ջանք չէ խնայած՝ սնունդի, առողջապահական, բնակարանային, կրթական ոլորտներէն ներս սուրիահայերու հոգերը թեթեւցնելու համար: Վիրաւորներ, անօթեւաններ, գործազուրկներ. անոնց բոլորի կողքին այս ընթացքին կանգնած էր կեդրոնը:
Կեդրոնը ձեւաւորուած է համայնքի ներկայացուցիչներէն, որոնք որդեգրած են մէկ սկզբունք՝ նուիրուած աշխատիլ ամենավտանգաւոր պայմաններու մէջ: Սակայն աշխատանքներուն մասնակցած է գրեթէ ամբողջ հայութիւնը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն:
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը Սուրիոյ համար ամենադժուար օրերուն գործով թէ խօսքով ձեռք մեկնեց հայկական մեծ համայնքին: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կազմաւորուեցան սուրիահայութեան օգնութեան միութիւններ՝ հայրենակիցները միայնակ չձգելով:
Այսօր ալ՝ դեռ շարունակուող դժուար պայմաններու մէջ, շտապ օգնութեան մարմինը կ’աշխատի: Մէկ տարուան ընթացքին հայկական երկու կաթողիկոսութիւններէն ստացուած է 1 միլիոն 700 հազար դրամ: Սակայն դեռ տարաբնոյթ խնդիրներ լուծելու համար նիւթական օգնութեան կարիք կայ՝ ամսական 150 հազար տոլարի չափով: Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգողական կեդրոնը այդ գու- մարը պիտի ուղղէ սուրիահայութեան առողջապահական ու կենցաղային խնդիրները լուծելուն: