Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յունական in.gr կայքէջը կը հաղորդէ թէ անցնող շաբաթավերջին արիւնալի յարձակում գործած են Սուրիոյ օդուժի ուղղաթիռներ, ապստամբներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ, յատկապէս Հալէպի արեւելեան շրջանները։

Կը հաղորդուի թէ 90 զոհեր արձանագրուած են այս յարձակումներուն հետեւանքով, ըստ ընդդիմութեան ակտիվիստներու փոխանցած տեղեկութիւններուն։

Մեծն Բրիտանիա հաստատուած Սուրիոյ մարդոց իրաւունքներու կազմակերպութիւնը, յայտարարած է թէ 65 քաղաքացիներ սպաննուած են, որոնց կարգին՝ 13 երեխայ, Թարիք Ալ Պապ թաղամասէն ներս։
Միեւնոյն ժամանակ, Սուրիոյ բանակը շրջանէն ներս թափանցելու գործողութիւններու դիմած է։
Սուրիոյ մէջ Ալ Քայտայի պատկանող Ալ Նոսրա ճակատի 10 զինեալներ սպաննուած են Սաարի մէջ։