Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրիոյ Հայոց Առաջնորդարանի Բերիոյ թեմի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յղում կատարելով տեղւոյն նահանգապետին հաւաստումին, կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ օրերուն մէկուկէս  տարուան ընդմիջումէ ետք Հալէպի օդակայանը պիտի վերսկսի գործել:
Սուրիոյ կառավարութիւնը 2012-ին դադրեցուցած էր օդակայանին գործունէութիւնը, պատճառաբանելով վերանորոգման աշխատանքները, մինչդեռ իրականութեան մէջ ան պարտադրաբար փակուած էր ճամբուն անապահով ըլլալուն պատճառով: Նոյնիսկ ամիսներով բուռն կռիւներ տեղի ունեցած էին օդակայանին շրջակայքը: Այնպէս կը թուի, թէ ներկայիս Ասատի ուժերը  յաջողած են շրջանը ազատագրել ապստամբ զինեալներէն: