Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Այդ կոչը կատարուած է բանաձեւով մը, որուն հեղինակն է քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը:

Հոն նշուած է, որ Լոս Անճելըսի ղեկավար մարմինը կը ճանչնայ Արցախի աշխուժօրէն զարգացող, անկախ եւ ինքնիշխան հանրապետութիւնը, որ ունի հազարամեայ պատմութիւն, եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին համար նուիրական վայր մըն է:

«Արցախի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակած է 1991ի Դեկտեմբեր 10ին, երկար պայքարէ ետք, որ որոշ առումներով՝ կը շարունակուի մինչեւ այսօր», ըսուած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի բանաձեւին մէջ, որ վաւերացուեցաւ անցեալ տարի, Սեպտեմբեր 10ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ տեղական քաղաքային իշխանութիւնները ներկայացնող պատուիրակութեան՝ Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան նախօրէին:
Նշենք, որ այս բանաձեւին մասին ցարդ պաշտօնական լրատուութիւն չէր եղած:
Ամերիկացի քաղաքական պաշտօնատարները նշած են, որ անցած 2 տասնամեակներուն, Արցախի Հանրապետութիւնը պատերազմի, կոտորածներու, տնտեսական տագնապներու եւ այլ մեծ դժուարութիւններու պայմաններուն մէջ իսկ ցուցաբերած է յամառութիւն եւ հաստատակամութիւն, հաւատարիմ մնացած է իր ժողովուրդին, պահպանած է անկախութիւնը, նպաստած է կովկասեան տարածաշրջանի կայունութեան, միաժանակ՝ դրական փոփոխութիւններ բերած տարածաշրջանին՝ կազմակերպելով ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, որոնք օրինակ դարձած են տարածաշրջանի միւս երկիրներուն համար:
Բանաձեւին մէջ ամրագրուած է նաեւ, որ 2012ի Ապրիլ 24ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը Լոս Անճելըսն ու Շուշին հռչակեց քոյր քաղաքներ, ինչ որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ Արցախի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ ընդգծուած դրական վերաբերմունքի առաջին արտայայտութիւնը չէր: 2010ին, ԼԱ-ի ղեկավար մարմինը հանդիսաւոր ընդունելութիւն կազմակերպած էր ի պատիւ Արցախի նախագահին եւ անոր յանձնած հռչակագիր մը, յայտնելով իր զօրակցութիւնը: