Փարիզի Վերաքննիչ դատարանի 17րդ ատեանը Յունուար 16ին հաստատած է Առաջին Իրաւասութեան դատարանին 2013 Փետրուար 28ին Լէյլէքեանի դէմ արձակած վճիռը:
Ան կը կայանար անուանարկութեան պատճառով Սըրմա Օրանին 4.000 եւրոյի վնասուց հատուցում եւ արդարադատութեան ծախսերու համար ալ 4.500 եւրոյի գումար մը վճարելու մէջ: Ներկայ վճիռով, Լէյլէքեան կը դատապարտուի յաւելեալ 2.000 եւրօ վճարելու որպէս գործընթացի ծախսեր: Ան երեք օր ունէր այս վճիռին դէմ Բեկանիչ դատարանին բողոք ներկայացնելու համար:
Վերջերս, Սթրազպուրկի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանի տխրահռչակ վճիռէն ետք այս նոր վճիռը մտահոգիչ է Հայ դատին համար: Եւ զուգահեռաբար, մեծ հրճուանք կը պատճառէ թրքական ճակատին, որու միջազգային լրատու միջոցներէն “Turquie news” (turquie-news.com), լուրը խորագրելով «Վերաքննիչ ատեանը կը խստացնէ զրպարտիչ թրքատեաց Լօռան Լէյլէքեանի դատապարտումը», կը գրէր հետեւեալը. «Հրապարակաւ նախատինքի յանցանքով Մովսէս Նշանեանի դատապարտումէն, Վալերի Պուայէի՝ ազատութիւնը սպաննող օրինագիծին Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ մերժումէն, Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանին վճիռէն ետք, այս որոշումը նոր յաղթանակ մըն է հայկական մոլեռանդութեան դէմ»...: