Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրիական պատերազմի արդիւնքը՝
130.000 զոհ, միլիոնաւոր գաղթականներ
եւ տեղահանուած զանգուածներ

Մարտ 2011էն ետք, երբ բռնկեցաւ Սուրիոյ ներքին պատերազմը, ամէնէն արիւնալի տարին հանդիսացաւ 2013ը, 73.000 զոհերով:

Սուրիոյ Մարդոց Իրաւունքներու Կազմակերպութեան (ՍՄԻԿ) կողմէ հրապարակուած տուեալներու հիմամբ՝ պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհուած է աւելի քան 130.000 մարդ, որոնց շարքին 22.000 քաղաքացի եւ 7.000 երեխայ:
ՍՄԻԿը ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է, որու նստավայրը Մեծն Բրիտանիա կը գտնուի: Կազմակերպութիւնը խստօրէն դատապարտած է «միջազգային հանրութիւնը որ մեղսակից դարձաւ Սուրիոյ մէջ արիւնայեղութեան»:

Ժողովի բացման առաջին պահէն յայտնի դարձան Զուիցերիոյ Մոնթրէի մէջ սկսած «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովի հսկայական դժուարութիւնները:

Մոնթրէի մէջ հրաւիրուած խաղաղութեան այս խորհրդաժողովը կը կայանայ միջազգային հանրութեան հովանիին տակ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի համադրումով:
Սուրիական ընդդիմութիւնը անմիջապէս փութաց մերժելու որեւէ համաձայնութիւն, որ նախապայման պիտի չունենայ նախագահ Ասատի հեռացումը, մինչ Սուրիոյ կառավարութիւնը կ'ընդգծէ թէ «Սուրիոյ ժողովուրդն է միայն որ կրնայ նախագահը իր պաշտօնէն հեռացնել»:
«Դժուար, բայց ոչ անյաղթահարելի» բնորոշեց դժուարութիւնները ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն: Իրենց կարգին՝ Ռուսաստան եւ ԱՄՆ կÿառաջադրեն ահաբեկչութեան դէմ պայքար (Ռուսաստանը) եւ անցումային գործընթաց առանց Ասատի մասնակցութեան (ԱՄՆի առաջարկը): Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալէմ բուռն կերպով դատապարտեց «այն երկիրներու քաղաքականութիւնը, որոնք Սուրիան Միջնադար կ'ուզեն վերադարձնել», ակնարկելով Պարսից ծովի երկիրներուն եւ Էրտողանին: Նախարարը յարձակում գործեց բոլոր անոնց դէմ, որոնք «այս սեղանին շուրջը նստած ահաբեկիչներուն կը սատարեն ու կը ֆինանսաւորեն, կամ ահաբեկիչներ կը մարզեն»...
Միջազգային հանրութեան հաշտարար դերակատարութեան ստանձնման դժուարութիւնը յայտնի դարձաւ, նոյնիսկ ՄԱԿի քարտուղարի միջամտութենէն, երբ կասեցնելով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսքը, զինք թելադրեց խօսքի իրաւունքի ժամկէտը յարգել, խուսափիլ սադրիչ բնորոշումներէ եւ կոչ ուղղեց իրեն «կառուցողական դիրոքորոշում» որդեգրել: Այս խօսքերուն վրայ Մուալեմ պատասխանեց թէ «դուք Նիւ Եորքէն կը խօսիք, իսկ ես՝ Դամասկոսէն, որու դիրքորոշումը չէ լսուած»:

Քաղաքական լուծման միա՞կ յոյս

«Ժընեւ 2» խորհրդաժողովի կազմակերպիչները այս համագումարը հրաւիրած են սուրիական քաղաքացիական պատերազմին վերջ մը տալու որպէս «քաղաքական ելք ունեցող միակ յոյս», որ հիմնուած է անցումային կառավարութեան մը ստեղծման վրայ, գործադիրի ամբողջական լիազօրութիւններով:
Համաժողովը արդիւնքն է Ռուսաստանի եւ ԱՄՆի նախաձեռնութեան եւ նոյնիսկ խորհրդաժողովի կայացումը մեծ մարտահրաւէր մըն էր:

«Ինչո՞ւ Հայաստանը Չկայ Սիրիայի Հարցով Բանակցող 39 Երկրների
Շարքում». Վարդան Օսկանեան

«Ժընեւ-2» բանակցութիւններուն կը մասնակցին 39 երկիրներ, որոնց կարգին են նաեւ երկիրներ, որոնք թէ՛ աշխարհագրականօրէն, եւ թէ այլապէս բաւական հեռու են Սուրիայէն, ինչպէս՝ Մեքսիքա, Լիւքսամպուրկը, Հարաւային Քորէան, Իտալիան, Պրազիլը եւ այլն։ Ուշագրաւ է, որ Հայաստան չկայ այդ պետութիւններու ցանկին մէջ։ Այս հարցը արծարծած եւ Հայաստանի չմասնակցելու երեւոյթին անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանը:
«Սիրիային վերաբերող հարցերում ինձ մօտ ոչ միայն բանական միտքն է շարժւում, այլեւ զգացմունքայինը: Վերջ ի վերջոյ ծնուել եւ մեծացել եմ այնտեղ, սիրում եմ երկիրը, ցաւում եմ նրա ողբերգութեան համար: Խիստ մտահոգ եմ նաեւ այնտեղ ապրող հայերի անվտանգութեան եւ Սփիւռքի ամենածաղկուն համայնքներից մէկի դատարկման հեռանկարի համար:
Երբ սիրիական հակամարտութիւնը թէժացաւ, եւ հայ համայնքի վիճակը սկսեց բարդանալ, յատկապէս՝ Հալէպում, ես ասում էի, որ այն, ինչ հնարաւոր էր անել նրանց՝ Հայաստանում ապաստան տալու, կեցութիւն ապահովելու եւ թէկուզ չնչին օգնութիւն ապահովելու հարցում, Հայաստանի պետութիւնն իր հնարաւորութեան սահմաններում արել է:
Միաժամանակ քննադատել եմ մեր դիւանագիտութեանը, որ այս հարցում երկկողմ, տարածաշրջանային եւ գլոբալ առումներով անտարբերութիւն է ցուցաբերել եւ որեւէ ներգրաւուածութիւն չի ունեցել:
Ահաւասիկ, Յունուարի 22ին Սիրիայի հարցով շուէյցարական Մոնտրօ քաղաքում տեղի կ՛ունենան այսպէս կոչուած «Ժընեւ-2» բանակցութիւնները: Նայում եմ մասնակից երկրների ցուցակը: Ի լրումն հակամարտող կողմերի՝ բանակցութիւններին մասնակցում է 39 երկիր: Երկրներ, որոնք այս կամ այն չափով առնչութիւն ունեն խնդրին, բնականաբար՝ Սիրիայի բոլոր հարեւանները, արաբական մի շարք երկրներ, միջնորդներ եւ այլ շահագրգիռ կողմեր: Ուշագրաւ է, որ այնտեղ են նաեւ Սիրիայից աշխարհագրօրէն եւ ոչ միայն աշխարհագրօրէն այնպիսի հեռու պետութիւններ, ինչպիսիք են Մեքսիկան, Լիւքսեմբուրգը, Հարաւային Կորէան, Իտալիան, Բրազիլիան եւ շատ ուրիշներ:
Հանդիպմանը մասնակցում է նաեւ Վատիկանը, որը, համոզուած եմ, ներկայ է, քանի որ պարտաւորուած է զգում պաշտպանելու Սիրիայի կաթոլիկ համայնքի շահերը:
Հայաստանը ցուցակում չկայ: Հարց է ծագում՝ ինչո՞ւ, երբ մենք կրում ենք այս հակամարտութեան անմիջական ազդեցութիւնը. Հայաստանում ապաստան են գտել Սիրիայի շուրջ 15 հազար հայ քաղաքացիներ, այնտեղ դեռ հայկական ստուար համայնք կայ, որի ֆիզիկական գոյութիւնն անմիջական ըս-պառնալիքի տակ է, յատկապէս՝ հայաշատ Հալէպում եւ շրջակայքում, որտեղ ամենաթէժ մարտերն են ընթանում:
Հայերը Սիրիայի բոլոր փոքրամասնութիւններից միակն են, որոնք իրենց թիկունքում ունեն մայր պետութիւն:
Այսօրուայ հրամայականն է, որ Հայաստանը ներկայ լինի ժընեւեան բանակցութիւններին՝ անկախ դրա արդիւնքից, որպէսզի առնուազն առաջին ձեռքից տեղեակ լինի եւ անհրաժեշտութեան դէպքում պաշտպանի հայութեան շահերը» ըսած է Վ. Օսկանեանը: